83 տարեկան հասակին մահացաւ Ռէալ Մատրիտի պատուոյ նախագահ Ամանսիօ Ամարօ, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան Ռէալ Մատրիտին մաս կազմած է 1962-1976 տարիներուն` 471 մրցումի ընթացքին նշանակելով 155 կոլ:
Ամանսիօ Ամարօ Ռէալ Մատրիտի հետ 9 անգամ հանդիսացած է Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան, երեք անգամ` երկրի բաժակակիր եւ առիթով մըն ալ` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիր:
Իսկ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան 42 մրցումի ընթացքին նշանակած է 11 կոլ եւ 1964-ին հանդիսացած Եւրոպայի ախոյեան: