«Ֆորմիւլա-1»-ի 2023 տարեշրջանի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանի մեկնարկէն առաջ, անգլիական Մաքլարըն խումբը, ներկայացուց իր նոր վարորդը:
Այս տարի խումբին վարորդները պիտի ըլլան անգլիացի Լանտօ Նորիս եւ աւստրալիացի նորեկ 21 տարեկան Օսքար Փիասթրի:
Նախորդ տարեշրջանին Մաքլարըն 159 կէտով գրաւեց խումբերու դասաւորման 5-րդ դիրքը, մինչ առաջին դիրքը 759 կէտով գրաւեց աւստրիական Ռետ Պուլը:
«Ֆորմիւլա-1»-ի նոր տարեշրջանը կը սկսի յառաջիկայ 5 մարտին` Պահրէյնի կրան փրիով եւ կ՛աւարտի 26 նոյեմբերին Ապու Տապիի մէջ:
Նշենք, որ 2023 տարեշրջանին մէջ ընդգրկուած են 23 կրան փրիի մրցումներ: