Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը երկրորդ անգամ ըլլալով մրցեցաւ Լիթուանիոյ դէմ:
Հայրենի կազմը, որ իր կատարած առաջին մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, անգամ մը եւս պարտուեցաւ իր նոյն մրցակիցէն, այս անգամ` 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին միակ կոլը նշանակուեցաւ` 49-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ աղջկանց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Արտակ Ադամեան: