Մարզական

Հայկական Ֆութպոլ.  Վան-Փիւնիկ Մրցումով Վերսկսան Հայաստանի  Ֆութպոլի Բարձրագոյն Դասակարգի  Ախոյեանութեան Մրցումները

Հայկական Ֆութպոլ. Վան-Փիւնիկ Մրցումով Վերսկսան Հայաստանի Ֆութպոլի Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութեան Մրցումները

Ձմեռնային դադարէն ետք նախորդ շաբաթավերջին վերսկսաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցաւ Վան-Փիւնիկ 13-րդ հանգրուանէն մրցումը: Հայաստանի գործող ախոյեանը` Փիւնիկ, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ` վենեզուելացի միջնապահ Խոսէ Քարապալիոյի (երկու կոլ) եւ նիկերիացի յառաջապահ Եուսուֆ Օթուպանճոյի նշանակած կոլերուն: Չարենցաւանի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, առաջին անգամ կիրարկուեցաւ «ՎԱՐ» համակարգը, որուն օգնութեամբ օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Հենրիկ Նալբանդեան սուլեց փենալթի...

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի  Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականներու  Մրցումներուն Յայտագիրը

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականներու Մրցումներուն Յայտագիրը

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Եւրոպայի 2023-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականներու մրցումներուն յայտագիրը: Տղոց 16 տարեկանէն վար հաւաքականին մրցակիցները պիտի ըլլան Սան Մարինօ (19 յուլիս), Կիպրոս (20 յուլիս), Ազրպէյճան (21 յուլիս) եւ Ալպանիա (24 յուլիս): Աղջկանց 16 տարեկանէն վար հաւաքականին մրցակիցներն են Ճիպրալթար (18 յուլիս), Մալթա (19 յուլիս) եւ Վրաստան (20 յուլիս): Վերջապէս, աղջկանց 18 տարեկանէն վար հաւաքականին մրցակիցները...

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ֆութպոլի  Ազգային Հաւաքականը Դարձեալ Պարտուեցաւ Վրաստանէն

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Դարձեալ Պարտուեցաւ Վրաստանէն

Յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականը դարձեալ պարտուեցաւ իր հիւրէն` Վրաստանէն: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած այս երկրորդ մրցումին, հայրենի կազմը այս անգամ կրեց 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, մինչ նախորդին պարտուած էր 5-0 արդիւնքով: Նշենք, որ նախորդ 21 փետրուարին սկսած ուսումնամարզական հաւաքը աւարտեցաւ շաբաթ, 25 փետրուարին, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մարիամ Ստեփանեանի հսկողութեամբ:...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Լենդրուշ Յակոբեան Նաքաութով  Յաղթեց Իր Մրցակիցին

«Էմ. Էմ. Էյ.» Լենդրուշ Յակոբեան Նաքաութով Յաղթեց Իր Մրցակիցին

Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի «Հարտքոր-,ԷՖ. ՍԻ.» խառն մենամարտի մրցաշարքի ախոյեանութեան տիտղոսին համար տեղի ունեցած ճակատումին, հայ մարտիկ Լենդրուշ Յակոբեան երրորդ ռաունտ-ին նաքաութի ենթարկեց իր ռուս մրցակիցը` Իլնար Իշիմպայեւը եւ տիրացաւ տիտղոսին, կիսամիջին քաշային կարգին մէջ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, 27 տարեկան հայ մարզիկը ցուցադրեց «Արցախ» գրութեամբ իր ատամնակապը: Լենդրուշ Յակոբեան «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի մրցումներուն...

«Լա Լիկա».  Մատրիտեան Տերպիի Ճակատումը  Աւարտեցաւ 1-1 Արդիւնքով

«Լա Լիկա». Մատրիտեան Տերպիի Ճակատումը Աւարտեցաւ 1-1 Արդիւնքով

Նախորդ շաբաթավերջին Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, շուրջ 65 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հիւրընկալեց Աթլեթիքօ Մատրիտը: Մատրիտեան այս տերպիի ճակատումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը: Հիւր կազմը ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը` շնորհիւ Խոսէ Խիմենեսի (78-րդ): Սակայն 85-րդ վայրկեանին, Ալվարօ Ռոտրիկես նշանակեց Ռէալ Մատրիտի հաւասարութեան կոլը (85-րդ): Նշենք, որ մրցումին 64-րդ...

Մարմնամարզութիւն.   Հայաստան 5 Մարզիկով Կը Մասնակցի  Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Մարմնամարզութիւն. Հայաստան 5 Մարզիկով Կը Մասնակցի Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Գերմանիոյ Քոթպուս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքին, Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 5 մարզիկով: Ա. հանգրուանի մրցումներուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան: Հայրենի մարզիկները այս մրցաշարքին պատրաստուեցան Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած մարզական հաւաքով: Նշենք, որ աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքը վարկանշային...

Ըմբշամարտ.  Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Լեովա Վարդանեանի Յուշամրցաշարքը

Ըմբշամարտ. Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Լեովա Վարդանեանի Յուշամրցաշարքը

Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ անցեալի անուանի մարզիչ Լեովա Վարդանեանի յիշատակին նուիրուած 23 տարեկանէն վար ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային յուշամրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 8 երկիրներէ շուրջ 130 ներկայացուցիչներ: Այս յուշամրցաշարքը կատարուեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանին եւ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին աջակցութեամբ: Երկրորդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցած այս յուշամրցաշարքին մասնակցեցան ըմբիշներ Մոլտովայէն, Պիելոռուսիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն, Հնդկաստանէն, Պահրէյնէն, Ռուսիայէն եւ...

Կռփամարտ.  Դաւիթ Չալոյեան Հայաստանին  Ապահովեց Երկրորդ Մետալը

Կռփամարտ. Դաւիթ Չալոյեան Հայաստանին Ապահովեց Երկրորդ Մետալը

Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող Սթրանջայի անուան կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի խումբը տիրացաւ իր երկրորդ մետալին: 92 քկ դասակարգի մրցումներուն, աշխարհի փոխախոյեան Դաւիթ Չալոյեան, որ աւարտականին մրցեցաւ Գերմանիոյ ներկայացուցիչ Նիքիթա Փութիլովի դէմ, տպաւորիչ յաղթանակով մը հռչակուեցաւ ախոյեան: Նախապէս, Հայաստանի համար առանց մրցում կատարելու պրոնզ մետալ մը ապահոված էր Գուրգէն Մադոյեան` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը իր...

Երեւանի Մէջ Ամոյեան Եղբայրներուն Կողմէ  Ժամանակակից Մարզահամալիր Պիտի Ստեղծուի

Երեւանի Մէջ Ամոյեան Եղբայրներուն Կողմէ Ժամանակակից Մարզահամալիր Պիտի Ստեղծուի

Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, անոր սեփականութիւնը եղող Երեւան քաղաքի Արաբկիր վարչական շրջանի Կոմիտասի փողոցին մէջ գտնուող հողը 25 տարուան օգտագործման իրաւունքով պիտի յանձնուի «Ամոյեան եղբայրներու անուան մարզահամալիր»-ին: Անոնք պարտաւորուած են 373 միլիոն դրամի ներդրում մը կատարել: Ծրագիրի շրջանակին մէջ կը նախատեսուին մասնաշէնքի հիմնանորոգման աշխատանքներ կատարել, որոնց արդիւնքին լոյսին տակ, շատ շուտով Երեւանի մէջ պիտի ստեղծուի ժամանակակից չափանիշներուն եւ պահանջներուն համապատասխանող մարզահամալիր:...

Ամառնային Ողիմպիական Մարզաձեւերու Ֆետերասիոնններու Միջազգային  Ֆետերասիոնին Համաժողովը` Մայիսին

Ամառնային Ողիմպիական Մարզաձեւերու Ֆետերասիոնններու Միջազգային Ֆետերասիոնին Համաժողովը` Մայիսին

31 մայիսին Լոզանի մէջ (Զուիցերիա) տեղի պիտի ունենայ ամառնային ողիմպիական մարզաձեւերու ֆետերասիոններու միջազգային ֆետերասիոնին 47-րդ համաժողովը, այս մասին յայտնեց միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Օրակարգին մէջ են` ընտրութիւններ, կազմակերպութեան կառավարման աշխատանքի խումբի («ԷՅ. ԷՍ. Օ. ԱՅ. ԷՖ.»), Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի, 2024-ի Փարիզի եւ 2028-ի Լոս Անճելըսի ամառնային ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէներուն զեկուցումները:  

«Եուրոփա Լիկ».  Մանչեսթըր Եունայթըտ Մրցաշարքէն  Դուրս Ձգեց Պարսելոնան

«Եուրոփա Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Պարսելոնան

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը, որ «Եուրոփա Լիկ»-ի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրընկալեց Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնան, արձանագրելով 2-1 արդինքով յաղթանակ մը, մրցաշարքէն դուրս ձգեց մարզիչ Չաւիի գլխաւորած կազմը: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած երթի մրցումը աւարտած էր 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը: Եունայթըտի կոլերը նշանակեցին Ֆրետ (47-րդ) եւ Անթոնի (73-րդ), մինչ Պարսայի կոլը` Ռոպերթ Լեւանտովսքի (18-րդ` փենալթիով):...

Մեսսիի Հայրը Կը Բանակցի  Պարսելոնայի Հետ

Մեսսիի Հայրը Կը Բանակցի Պարսելոնայի Հետ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն ժերմենի արժանթինցի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հայրը կը բանակցի Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթայի հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Շատ հաւանական է, որ Մեսսի յառաջիկայ ամառ վերադառնայ Պարսելոնա, որովհետեւ ան շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի քաթալոնական խումբի մարզիչ Չաւիի հետ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Լիոնել Մեսսիի հայրը` Խորխէ, այդքան ալ յաջող բանակցութիւններ չէ ունեցած...

Սերճիօ Ռամոս Աւարտեց  Իր Միջազգային Ասպարէզը

Սերճիօ Ռամոս Աւարտեց Իր Միջազգային Ասպարէզը

Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող սպանացի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու իր միջազգային ասպարէզին: Ան ըսաւ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ Լուիս տը լա Ֆուենթէէն ստացած է հեռաձայն մը, որուն մէջ ան ըսած է, որ յառաջիկայի իր ծրագիրներուն մէջ նկատի պիտի չունենայ զինք: Ներկայիս 36 տարեկան Ռամոս Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած...

Ալապա Եւ Ռոտրիկօ Պիտի Բացակային  Ռէալ Մատրիտի Կատարելիք  Յառաջիկայի Մրցումներէն

Ալապա Եւ Ռոտրիկօ Պիտի Բացակային Ռէալ Մատրիտի Կատարելիք Յառաջիկայի Մրցումներէն

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող աւստրիացի յետսապահ Տաւիտ Ալապա եւ պրազիլցի յառաջապահ Ռոտրիկօ պիտի բացակային իրենց ակումբին կատարելիք յառաջիկայի մրցումներէն, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Երկու ֆութպոլիստներն ալ վնասուածք ստացան անգլիական Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումին ընթացքին: Ալապայի ապաքինման համար կը պահանջուի շուրջ մէկ ամիս, իսկ Ռոտրիկոյի համար` տասը օր: Նշենք, որ այսօր`...

Պասքեթպոլ.  Ռասըլ Ուեսթպրուք Տեղափոխուեցաւ  Լոս Անճելըս Քլիփըրզ

Պասքեթպոլ. Ռասըլ Ուեսթպրուք Տեղափոխուեցաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ

Ամերիկացի պասքեթպոլիստ Ռասըլ Ուեսթպրուք տեղափոխուեցաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ փետրուարի սկիզբը Եութա Ճեզ 2017-ին «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի ամէնէն արժէքաւոր խաղացողը նկատուող Ռասըլ Ուեսթպրուքը ձեռք բերած էր Լոս Անճելըս Լէյքըրզէն, որուն հետ 34 տարեկան պասքեթպոլիստը խաղացած էր 2021-2023 տարիներուն: «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին, Ուեսթպրուք իր մասնակցութիւնը բերաւ 52 մրցումի,...

Հայաստանի Հաւաքականի Ֆութպոլիստը  Տեղափոխուեցաւ Շուէտ

Հայաստանի Հաւաքականի Ֆութպոլիստը Տեղափոխուեցաւ Շուէտ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 32 տարեկան յետսապահ Անտրէ Չալըշըր, դանիական Սիլքըպորկէն տեղափոխուեցաւ շուէտական Փրոմմափոյքարնա, այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Սթոքհոլմեան խումբը, որ Շուէտի Ա. Լիկայի ախոյեան հանդիսացաւ, հանդէս պիտի գայ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, որուն ազդանշանը պիտի տրուի 1 ապրիլին: Չալըշըր, որ Սիլքըպորկին միացաւ յուլիս 2021-ին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2018-էն ի վեր:  

Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի  Խումբը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Խումբը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Եգիպտոսի Ալեքսանդրիա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի խումբը` գլխաւոր մարզիչ Յաբէթնակ Կուրղինեանի գլխաւորութեամբ: 48 երկիրներէ 184 մասնակցողներուն մէջ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները` Մանուէլ Խնձրցեան (57 քկ), Արսէն Յարութիւնեան (61 քկ), Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), Արման Անդրէասեան (70 քկ), Հրայր Ալիխանեան (74...

«Տապըլիու. Ար.-Չես Մասթըրզ».  Լեւոն Արոնեան Հաւասարութիւն Մը  Արձանագրեց Ուեսլի Սոյի Հետ

«Տապըլիու. Ար.-Չես Մասթըրզ». Լեւոն Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Ուեսլի Սոյի Հետ

Գերմանիոյ Տիւսելտոլֆ քաղաքին մէջ իր աւարտին մօտեցող «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԱՐ.-Չես Մասթըրզ» ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի տղոց ճատրակի հաւաքականի նախկին յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ այժմ հանդէս կու գայ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ, սեւ քարերով մրցեցաւ ամերիկացի Ուեսլի Սոյի հետ: 35-րդ շարժումին երկու կրանտմասթըրները համաձայնեցան իրենց այս ճակատումը աւարտել հաւասարութեամբ: Ախոյեանութեան աւարտէն երեք հանգրուան առաջ, այժմ Արոնեան 4,5...

Դահուկարշաւ.  Հայաստան Կը Մասնակցի  Աշխարհի Ախոյեանութեան

Դահուկարշաւ. Հայաստան Կը Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Կաթիա Գալստեան, Թադէոս Պօղոսեան, Սպարտակ Ոսկանեան, Միքայէլ Միքայէլեան եւ Աննա Ռաշոյեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 22 փետրուարէն 5 մարտին Սլովենիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի դահուկարշաւի ախոյեանութեան: Նշուեցաւ, որ Միքայէլ Միքայէլեան առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 50 քմ-ի մարաթոնին, որուն մէջ ցարդ Հայաստան երբեք ներկայացուցիչ ունեցած չէր: Այլ գետնի վրայ,...

Լիվըրփուլի Հակամրցանիշները

Լիվըրփուլի Հակամրցանիշները

Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլ հակամրցանիշներ հաստատեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումին, Ռէալ Մատրիտէն իր կրած 5-2 արդիւնքով պարտութեան պատճառով: «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի պատմութեան մէջ Լիվըրփուլ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք պարտութիւն կը կրէ` երեք կոլի տարբերութեամբ: Ասկէ` բացի, Լիվըրփուլ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն առաջին անգամ ըլլալով իր բերդին մէջ ստացաւ հինգ կոլ` իր դաշտին վրայ...

Page 318 of 1280 1 … 317 318 319 … 1,280

Արխիւներ