Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը կը դիտարկէ խումբի նախկին մարզիչ Թոմաս Թուխելը վերադարձնելու տարբերակը, անշուշտ եթէ անիկա որոշէ հեռացնել այժմու իր մարզիչը` Քրիսթոֆ Կալթէն եւ չկարենայ համաձայնութեան գալ Զինետտին Զիտանի հետ:
Նշենք, որ վերջին շրջանին Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմին արձանագրած արդիւնքները կը նկատուին բաւական անյաջող:
Թուխել սեպտեմբեր 2022-ին Չելսիէն հեռանալէ ետք որեւէ կազմի մարզիչը չէ:
Յունուար 2021-ին Չելսին գլխաւորած Թուխել անցեալին եղած է նաեւ գերմանական Օկզպուրկի Բ. խումբի, Մայնց-05-ի եւ Պորուսիա Տորթմունտի մարզիչ:


