Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ 99-93 Արդիւնքով Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ժիպէյլի Մէջ` Ներկայութեամբ «Թռչնոց Բոյն»-ի Աշակերտներուն

March 20, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 18 մարտին, Ժիպէյլի Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ճակատագրական մրցում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Պիպլոս եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ:

Անիկա ճակատագրական էր հիւրընկալ կազմին համար, որ կը փորձէր յաղթանակ մը արձանագրել Բ. դասակարգ չփոխադրուելու համար` նկատի ունենալով, որ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 12-րդ եւ վերջին դիրքը:

Մրցումը նոյնքան կարեւոր էր ՀՄԸՄ-ի կազմին համար, որ կը փորձէր հեռանալ վտանգաւոր գօտիէն եւ անշուշտ միեւնոյն ժամանակ ալ վերջին երեք մրցումներուն յաղթանակ արձանագրել եւ յոյս ունենալ ֆայնըլ էյթի մրցումներուն մասնակցելու:

Մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ ՀՄԸՄ, որ արձանագրեց 99-93 արդիւնքով յաղթանակ մը (33-24, 21-28, 21-24 եւ 18-23)` բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք:

Մրցումը եղաւ թրի փոյթներով հարուստ հանդիպում մը (16` Պիպլոս եւ 14` ՀՄԸՄ):

ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Տուժուան Սամըրզ (29 կէտ, 19 ռիպաունտ), մինչ Պիպլոսէն` Սի. Ճէյ. Այքըն (15 կէտ, 19 ռիպաունտ) եւ Ալֆրետ Պրենտըն Փերիշ (36 կէտ, 10 ռիպաունտ): Վերջինս նշանակեց 9 թրի փոյնթ:

ՀՄԸՄ-էն 33 կէտ նշանակեց (ներառեալ 7 թրի փոյնթ) Մարք Լայընզ:

Մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն քաջալերելու եկած էին Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի երկսեռ խումբ մը աշակերտներ, որոնք թրիպիւնին վրայ ստեղծեցին տօնական մթնոլորտ մը:

Այսպիսով, ՀՄԸՄ արձանագրեց տարեշրջանի իր 6-րդ յաղթանակը (14 պարտութեան կողքին) եւ վերջնականապէս հեռացաւ Բ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգէն, մինչ Պիպլոս, որ կրեց տարեշրջանի իր 18-րդ պարտութիւնը (երկու յաղթանակի կողքին), շատ չնչին յոյս մը ունի մնալու Ա. դասակարգին մէջ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայրենի Մարզիկներուն Յաղթանակները` Ազրպէյճանցի Եւ Թուրք Իրենց Մրցակիցներուն Դէմ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 20 Մարտ 2023)

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.