«Փրեմիեր Լիկ»-ի կազմերէն Քրիսթալ Փալաս նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Փաթրիք Վիէյրան, այս մասին յայտնեց լոնտոնեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
46 տարեկան ֆրանսացին, որ իր պաշտօնը ստանձնեց 2021-ի ամրան, այս տարեշրջանին իր կազմին հետ չյաջողեցաւ լաւ արդիւնքի հասնիլ:
Անոր հետ Փալաս 27 ֆութպոլի մրցումի ընթացքին ապահովեց միայն 27 կէտ, մինչ վերջին 11 մրցումներուն անիկա չյաջողեցաւ յաղթանակ արձանագրել:
Մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան աշխատած է նաեւ Մանչեսթըր Սիթիի, ամերիկեան Նիւ Եորք Սիթիի եւ Նիսի հետ: