«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք կատարուեցաւ քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումի մը ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Մանչեսթըր Սիթի եւ Պայէրն Միւնիխ:
Մնացեալ զոյգերը կազմեցին հետեւեալները. Ռէալ Մատրիտ-Չելսի, Պենֆիքա-Ինթեր Միլան եւ Ա. Սէ. Միլան-Նափոլի:
Քառորդ աւարտականի երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 11-12 ապրիլին, իսկ դարձի հանդիպումները` 18-19 ապրիլին:
Ա. Սէ. Միլան-Նափոլի մրցումին յաղթականը կիսաւարտականին պիտի մրցի Պենֆիքա-Ինթեր Միլան մրցումին յաղթականին դէմ, մինչ Մանչեսթըր Սիթի-Պայէրն Միւնիխ մրցումին յաղթականը` Ռէալ Մատրիտ-Չելսի մրցումին յաղթականին դէմ:
Կիսաւարտականի երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 9-10 մայիսին, իսկ դարձի հանդիպումները` 16-17 մայիսին: