Նիւ Տելհիի մէջ (Հնդկաստան) սկսած աշխարհի կռփամարտի աղջկանց ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի կազմին հետ առաջին անգամ մրցասպարէզ դուրս եկաւ Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր Եքաթերինա Սիչեւա:
54 քկ դասակարգի մրցումներուն, Սիչեւա, որ 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ճակատեցաւ ֆրանսացի Տելֆին Մանչինիի դէմ, անկէ կրեց 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Ռաֆայէլ Մեհրաբեան:
Ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի կիրակի, 26 մարտին: