Մարզական

«Ֆորմիւլա-1».  Վաղը Տեղի Կ՛ունենայ Սէուտական  Արաբիոյ Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա-1». Վաղը Տեղի Կ՛ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 2023 տարեշրջանի երկրորդ հանգրուանի կրան փրին տեղի կ՛ունենայ վաղը` կիրակի, 19 մարտին, Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Տարեշրջանի առաջին կրան փրիին, որ տեղի ունեցաւ Պահրէյնի մէջ, իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց, «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափեն, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին մեքսիքացի Սերճիօ Փերեզ («Ռետ Պուլ») եւ սպանացի Ֆերնանտօ Ալոնսօ (Ասթոն Մարթին):

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական  Ախոյեանութիւն.  Հայկ Խլոյեան Տիրացաւ Պրրոնզ Մետալին

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայկ Խլոյեան Տիրացաւ Պրրոնզ Մետալին

Պուքրեշի մէջ (Ռումանիա) աւարտած Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական (23 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականին վերջին մրցակիցը` Հայկ Խլոյեան, տիրացաւ պրոնզ մետալին` 97 քկ դասակարգին մէջ: Ան բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց իր թուրք մրցակիցին` Ֆաթիհ Էօնվերմեզի դէմ, 9-1 արդիւնքով: Քառորդ աւարտականին Խլոյեանի մրցակիցն էր` Մինտաուկաս Վենքայթիս (Լիթուանիա): Ան արձանագրելով 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Հայաստանի համար ապահովեց պրոնզ մետալ մը:...

«ՖԱՖ»-ը Համակիրներու Միասնական  Երթ Պիտի Կատարէ

«ՖԱՖ»-ը Համակիրներու Միասնական Երթ Պիտի Կատարէ

Շաբաթ, 25 մարտին, ժամը 21:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Թուրքիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի 2024-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Հայաստանի ազգային հաւաքականի համակիրներու` «ՖԱՖ» (Առաջին հայկական ճակատ) շարժումին անդամները այս մրցումէն առաջ եւս համակիրներու միասնական երթ պիտի կատարեն: «ՖԱՖ»-ին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Սիրելի՛ համակիրներ: Կը մօտենայ «ԵՒՐՕ-2024»-ի զտումի հանգրուանը...

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Պիտի Ունենայ Վեց Մասնակից

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն. Հայաստան Պիտի Ունենայ Վեց Մասնակից

17-30 մարտին Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի աղջկանց ճատրակի անհատական 23-րդ ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան` վեց մասնակիցով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 35 երկիրներէ 140 ճատրակ խաղացողներ: Ստորեւ` այս ախոյեանութեան մասնակցող Հայաստանի ներկայացուցիչները. Էլինա Դանիէլեան (2431), Լիլիթ Մկրտչեան (2379),  Աննա Սարգսեան (2371), Մարիամ Մկրտչեան (2343),  Սուսաննա Գաբոյեան...

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  5 Եւ 6 Ապրիլին` Կիսաւարտական  Հանգրուանի Մրցումները

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. 5 Եւ 6 Ապրիլին` Կիսաւարտական Հանգրուանի Մրցումները

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 5 եւ 6 ապրիլին տեղի պիտի ունենան Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները: 5 ապրիլին, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ պիտի մրցին Շիրակ եւ Փիւնիկ Երեւան: Իսկ 6 ապրիլին, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Ուրարտուի մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Ուրարտու-Գանձասար հանդիպումը: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանի տիտղոսակիրն է...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտ Եւ Նափոլի Ապահովեցին  Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Նափոլի Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նափոլի ապահովեցին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին իրենց տոմսերը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով յաջորդաբար Լիվըրփուլը եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը: Արքայական ակումբը, որ 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին 5-2 արդիւնքով յաղթած էր Լիվըրփուլին, դարձի մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ, այս անգամ` 1-0 արդիւնքով, շնորհիւ` Քարիմ Պենզեմայի նշանակած կոլին (79-րդ):...

Էրլինկ Հաալանտ Գերազանցեց  Քիլիան Էմպափէի Մրցանիշը

Էրլինկ Հաալանտ Գերազանցեց Քիլիան Էմպափէի Մրցանիշը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, գերմանական Լայփցիկի դէմ իր նշանակած հինգ կոլերուն շնորհիւ (7-0), անգլիական Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ գերազանցեց ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի տարիքային մրցանիշը: Վերոնշեալ մրցաշարքին, Հաալանտ 30 կոլի ցուցանիշին հասաւ 22 տարեկան եւ 236 օրուան ընթացքին, մինչ Էմպափէ այդ մէկը իրագործած էր...

Չեզարէ Փրանտելլի Աւարտեց Մարզիչի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Չեզարէ Փրանտելլի Աւարտեց Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Իտալացի հանրածանօթ մարզիչ Չեզարէ Փրանտելլի, որ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը հասցուց «ԵՒՐՕ-2012»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականին, աւարտեց մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 65 տարեկան Փրանտելլի, անցեալին մարզած է հետեւեալ ակումբները. Ֆիորենթինա, Աթալանթա, Լեչէ, Վենեցիա, Փարմա, Ա. Էս. Ռոմա, Ճենովա, Նասըր, Վալենսիա եւ Կալաթասարայ: Իբրեւ ֆութպոլիստ ան 1979-1985 տարիներուն ելոյթ ունեցած է Եուվենթուսի հետ եւ անոր հետ 3 անգամ հանդիսացած Իտալիոյ ախոյեան:

Իպրահիմովիչ Հրաւիրուեցաւ Շուէտի  Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Իպրահիմովիչ Հրաւիրուեցաւ Շուէտի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Իտալական Ա. Սէ. Միլանի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ հրաւիրուեցաւ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, այս մասին յայտնեց Շուէտի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 41 տարեկան Իպրահիմովիչ վերջին անգամ Շուէտի հետ դաշտ ներկայացաւ մարտ 2022-ին` իր մասնակցութիւնը բերելով Լեհաստանի դէմ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին: Ան իր երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի շապիկը կրած է...

Պոլիվիոյ Մէջ Իրաւարարը Մրցումը  Երկարաձգեց… 42 Վայրկեանով

Պոլիվիոյ Մէջ Իրաւարարը Մրցումը Երկարաձգեց… 42 Վայրկեանով

Խուլիօ Կութիերեզ (կեդրոն) Պոլիվիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը արձանագրուեցաւ աննախադէպ միջադէպ մը: Արդարեւ, Փալմաֆլոր-Պլումինկ մրցումին կեդրոնի իրաւարարը` Խուլիօ Կութիերեզ, մրցումին 90 վայրկեաններէն ետք, անոնց միջեւ տեղի ունեցած այդ ճակատումը երկարաձգեց... 42 վայրկեանով: Մրցումին վերջին բաժինին ընթացքին, ան շուրջ տասը վայրկեան «ՎԱՐ» համակարգով դիտեց հիւր կազմի յառաջապահ Կասթոն Ռոտրիկեզի կոլի կրկնութիւնը: 114-րդ վայրկեանին Պլումինկ հաւասարեցուց արդիւնքը` շնորհիւ Խոսէ...

2026-ի Մոնտիալ.  Մրցաշարքին Իրենց Մասնակցութիւնը  Պիտի Բերեն… 48 Խումբեր

2026-ի Մոնտիալ. Մրցաշարքին Իրենց Մասնակցութիւնը Պիտի Բերեն… 48 Խումբեր

ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 2026-ի Մոնտիալին պիտի կիրարկուի նոր դրութիւն մը: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 48 երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբեր, բաժնուած` 12 խմբակի, իւրաքանքիւրը` չորս խումբ: Տեղի ունենալիք 72 մրցումներէն ետք, իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի ապահովեն յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը: 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անոնց պիտի միանան լաւագոյն երրորդ դիրքերը գրաւած ութ խումբերը: Ընդհանուր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Տպաւորիչ Ելոյթ Մը Ունենալով  90-85 Արդիւնքով Յաղթեց Իր Հիւրին` «Էն. Էս. Էյ.»-ին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Տպաւորիչ Ելոյթ Մը Ունենալով 90-85 Արդիւնքով Յաղթեց Իր Հիւրին` «Էն. Էս. Էյ.»-ին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ (Մըզհեր) տեղի ունեցած ՀՄԸՄ Պէյրութ-«ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.» մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին` ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, 90-85 արդիւնքով (21-20, 34-19, 15-20 եւ 20-26): Պէտք է ըսել, որ արձանագրուած այս յաղթանակը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ դաշտը գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն ներկայութեան, բաւական...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական  Ախոյեանութիւն.  Կարապետ Մանուէլեան Հանդիսացաւ  Փոխախոյեան

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Կարապետ Մանուէլեան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական (23 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան 55 քկ դասակարգի աւարտական հանգրուանի մրցումին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարապետ Մանուէլեան գերլարուած պայքարէ մը ետք 7-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք ռումանացի մրցակիցէն` Տենիս Ֆլորին Միհայէն, տիրացաւ արծաթ մետալին: Մանուէլեան քառորդ աւարտականին յաղթած էր ազրպէյճանցի իր մրցակիցին, իսկ կիսաւարտականին` իր թուրք մրցակիցին: Նշենք, որ քառորդ աւարտականին իր կրած...

Հրանդ-Լէոն Ռանոս Ելոյթ Պիտի Ունենայ  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Հետ

Հրանդ-Լէոն Ռանոս Ելոյթ Պիտի Ունենայ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի երկրորդ խումբին մաս կազմող յառաջապահ` Հրանդ-Լէոն Ռանոս յառաջիկայ օրերուն հասնի Հայաստան` միանալու համար ազգային հաւաքականին: Կ՛ակնկալուի եւ գրեթէ հաւանական կը թուի ըլլալ, որ 19 տարեկան ֆութպոլիստը իր մասնակցութիւնը բերէ 25 մարտին Թուրքիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2024-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումին: Ընթացիկ տարեշրջանին ան Պայէրն Միւնիխի երկրորդ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Մանչեսթըր Սիթի-Լայփցիկ`  7-0. Հաալանտ Նշանակեց… 5 Կոլ

«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի-Լայփցիկ` 7-0. Հաալանտ Նշանակեց… 5 Կոլ

Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ, հանդիսացաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի պատմութեան երրորդ ֆութպոլիստը, որ յաջողեցաւ մրցումի մը ընթացքին նշանակել 5 կոլ: Ան այսպիսով կրկնեց Լուիս Ատրիանոյի (Շախտիոր Տոնեցք, 2014) եւ Լիոնել Մեսսիի (Պարսելոնա, 2012) ցուցանիշը, երբ իր կոլերը (22-րդ փենալթիով, 24-րդ, 45+2-րդ, 53-րդ եւ 57-րդ) նշանակեց` Լայփցիկի դէմ տեղի ունեցած 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումին: Նշենք, որ Սիթի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութի Վերջին Մրցակիցը`  Աթլեթիքօ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Վերջին Մրցակիցը` Աթլեթիքօ

Պէյրութի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ այս շաբաթավերջին պիտի մրցի Աթլեթիքօ խումբին դէմ, որ արդէն իսկ փոխադրուած է Ե. դասակարգ: Նշենք, որ 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, Վարդան Սարգիսեանի, Նարեկ Ատուրեանի եւ Մոհամետ Նասրէտտինի նշանակած կոլերուն շնորհիւ: ՀՄԸՄ այժմ 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ...

Հայաստան-Թուրքիա Մրցումին  Բոլոր Տոմսերը Սպառեցան

Հայաստան-Թուրքիա Մրցումին Բոլոր Տոմսերը Սպառեցան

Ինչպէս ծանօթ է, որ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ,  շաբաթ, 25 մարտին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի հիւրընկալէ Թուրքիան (Դ. խմբակ): Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցումին բոլոր տոմսերը արդէն իսկ սպառած են: Ֆետերասիոնը շնորհակալութիւն յայտնեց հայ համակիրներուն` ազգային հաւաքականին նկատմամբ իրենց ունեցած գնահատանքին համար: Այդ բոլոր տոմսերուն վաճառքը...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի  Ախոյեանութիւն.  Կարապետ Մանուկեան Յաղթեց Իր Թուրք  Մրցակիցին Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Կարապետ Մանուկեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 23 տարեկան վար յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան 55 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարապետ Մանուկեան յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին` Մոհամետ Էմին Չաքըրին (1-1 արդիւնքով, վերջին կէտի առաւելութեամբ), ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Մանուկեան իր մրցումներուն սկսած էր զտումի հանգրուանէն, երբ 9-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրած էր սերպ Սապոլց Լոսոնքի դէմ: Իսկ քառորդ...

Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի  Ներկայացուցիչներուն  Վերջնական Արդիւնքները

Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ներկայացուցիչներուն Վերջնական Արդիւնքները

Սերպիոյ մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեցին Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Շանթ Սարգսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան, որոնք 7,5-ական կէտ ապահովելով բաժնեցին 16-39-րդ դիրքերը: Ախոյեանութիւնը առանց պարտութեան (3 յաղթանակ եւ 8 հաւասարութիւն ) աւարտեց Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Գաբրիէլ Սարգսեան, որ 7 կէտով բաժնեց 40-74-րդ...

Տիկնիզեան 19 Մարտին Պիտի Այցելէ Երեւան`  Հայկական Անձնագիր Ստանալու Համար

Տիկնիզեան 19 Մարտին Պիտի Այցելէ Երեւան` Հայկական Անձնագիր Ստանալու Համար

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեան 19 մարտին պիտի այցելէ Երեւան, հայկական անձնագիր ստանալու համար: Նշենք, որ 20 մարտին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի սկսի նախապատրաստուելու Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն: Եւրոպայի 2024-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, 25 մարտին Հայաստան կը մրցի Թուրքիոյ դէմ, իսկ 28 մարտին բարեկամական մրցում մը պիտի...

Page 311 of 1280 1 … 310 311 312 … 1,280

Արխիւներ