Ռուանտայի մայրաքաղաք Քիկալիի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` «ՖԻՖԱ»-ին 73-րդ համագումարին ընթացքին, կազմակերպութեան նախագահ զուիցերիացի Ճիաննի Ինֆանթինօ վերընտրուեցաւ նոյն պաշտօնին վրայ:
52 տարեկան Ինֆանթինօ, որ այդ պաշտօնին համար ներկայացած միակ թեկնածուն էր, իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2027:
Ինֆանթինօ, որ առաջին անգամ նախագահ ընտրուեցաւ 2016-ին, 2019-ին դարձեալ վերընտրուած էր:
Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ի նախկին նախագահն էր զուիցերիացի Սեփ Պլեթըր, որ 2015-ին հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն` ամբաստանուելով կաշառակերութեան յանցանքով: