Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Թիերի Հանրի հրաժարեցաւ գլխաւորել Ֆրանսայի ֆութպոլի աղջկանց ազգային խումբը:
Ֆրանսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէկ ներկայացուցիչին եւ Հանրիի միջեւ բանակցութիւնները անյաջող եղած են` նկատի ունենալով, որ 45 տարեկան Հանրի յայտնած է, որ այլ ծրագիրներ ունի:
Նշենք, որ նախկին մարզիչ Քորին Տիաքրը վերջերս ֆետերասիոնին կողմէ պաշտօնանկ եղաւ, երբ ազգային խումբի շարք մը մարզիկներ հեռացան անկէ: