Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 27-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Եուվենթուսն ու Ինթեր Միլանը, վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով. անիկա արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ սերպ միջնապահ Ֆիլիփ Քոսթիչի նշանակած կոլին (23-րդ):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Ինթերի հետ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, դաշտ ներկայացաւ 63-րդ վայրկեանին:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Ինթեր նահանջեց երրորդ դիրք` իր տեղը զիջելով Լացիօ Ռոմային, որ հռոմեան տերպիի մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ա. Էս. Ռոմային:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նափոլի, որ հաստատ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի ախոյեանութեան տիտղոս, 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Թորինոյի դաշտէն:
Այս հանգրուանէն ետք այժմ Նափոլի ունի 71 կէտ, Լացիօ Ռոմա` 52 կէտ, իսկ Ինթեր Միլան` 50 կէտ: