Արսենալ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն` Փենալթիներով
(5-3) Պարտութիւն Մը Կրելով Սփորթինկ Լիզպոնէն
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան քառորդ աւարտականին հասնող խումբերը:
Եուվենթուս, որ Ֆրայպուրկի դաշտին վրայ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: Երթին Եուվէ իր դաշտին վրայ արձանագրած էր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր կարգին, Մանչեսթըր Եունայթըտ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Ռէալ Պեթիսի դաշտին վրայ:
Երթին, անգլիական խումբը Մանչեսթըրի մէջ արձանագրած էր 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Սակայն անգլիական այլ կազմ մը` Արսենալ, դուրս մնաց մրցաշարքէն, փենալթիներով 5-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր հիւրէն` Սփորթինկ Լիզպոնէն:
Անոնց միջեւ տեղի ունեցած դարձի այս մրցումին (1-1) դիմուեցաւ երկարաձգման, ապա` փենալթիներու, նկատի ունենալով, որ երթի մրցումը եւս աւարտած էր հաւասարութեամբ (2-2):
Ֆեներպահչէ թէեւ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Սեւիլլային, սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ երթին Սպանիոյ մէջ կրած էր 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: