Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նասըր, որ հիւրընկալեց Ապհան, անոր դէմ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը (կիսախաղ` 1-0, ի նպաստ հիւր կազմին):
Յաղթական կազմին առաջին կոլը 79-րդ վայրկեանին նշանակեց փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` սքանչելի ազատ հարուածով մը:
Նշենք, որ 38 տարեկան ֆութպոլիստը վերջին երեք մրցումներուն չէր յաջողած կոլ նշանակել:
Անոր խմբակից Թալիսքա 86-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց հիւրընկալ կազմին յաղթական կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Նասըր 49 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` կէտով մը միայն ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Իթթիհատէն, որ իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆաթըհի դաշտին վրայ` 5-1 արդիւնքով: