Եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ կ՛ուզէ հեռանալ Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլէն, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
30 տարեկան ֆութպոլիստը մտադիր է փոխել իր ակումբը` մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին եւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ:
Ընթացիկ տարեշրջանին Սալահ Լիվըրփուլի հետ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 39 մրցումի, նշանակած 22 կոլ եւ կատարած 11 էսիսթ: