Միջազգային մարզական մամուլը, անդրադառնալով 2030-ի Մոնտիալը հիւրընկալել ուզող երկիրներուն առաջադրած թեկնածութեան, յայտնեց, որ Մարոք միացաւ Սպանիոյ եւ Փորթուգալի, այսպիսով փոխարինելով Ուքրանիան:
Այս մասին իր կարգին պաշտօնապէս յայտարարեց Մարոքի Մոհամետ Զ. թագաւորը:
Ան յայտնեց, որ այս թեկնածութեան յաջողութեան պարագային, անիկա պիտի ըլլայ ֆութպոլի պատմութեան մէջ աննախադէպ իրադարձութիւն մը, որ պիտի միաւորէ Ափրիկէն, Եւրոպան, ինչպէս նաեւ` ափրիկեան, արաբական, եւրոպական եւ աշխարհի բոլոր երկիրները:
Նշենք, որ 2030-ի Մոնտիալը հիւրընկալելու համար իրենց համատեղ թեկնածութիւնը առաջադրած են նաեւ Սէուտական Արաբիա-Եգիպտոս-Յունաստան, ինչպէս նաեւ` Ուրուկուէյ- Արժանթին-Չիլի-Փարակուէյ: