Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Փարիզ պատրաստ է հիւրընկալելու 2024-ի ողիմպիական խաղերը:
Այդ խաղերուն կազմակերպիչ յանձնախումբը, իրադարձութիւնը իմաստաւորելու նպատակով, կազմակերպած է փոխանցավազք` 116 երկիրներու եւ Ֆրանսայի տարածքին, աւելի քան 20 հազար վազողներու մասնակցութեամբ:
Մրցումներու տոմսերու վաճառքի երկրորդ հանգրուանը պիտի սկսի մայիսին:
Նշենք, որ 2024-ի այս ամառնային ողիմպիական խաղերը պիտի սկսին 26 յուլիսին եւ պիտի աւարտին 11 օգոստոսին:
Իսկ 28 օգոստոսէն 8 սեպտեմբեր 2024-ին տեղի պիտի ունենան փարալիմփիք խաղերը: