Փորթուգալեան մարզական մամուլին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ Նասըր խումբին մաս կազմող յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պիտի հրաւիրուի Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբ:
Նշուեցաւ, որ 38 տարեկան խմբապետը նկատի պիտի առնուի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Ռոպերթօ Մարթինեսի կողմէ հրապարակուելիք ցանկին մէջ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Լիխթընըշթայնի (23 մարտ) եւ Լիւքսամպուրկի (26 մարտ) դէմ տեղի ունենալիք «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
Ռոնալտօ կը հանդիսանայ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգը:
Ան 196 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած է 118 կոլ եւ կատարած 43 էսիսթ: