Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթա նշանակուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ, այս մասին նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
30 տարեկան Մորաթթա այսպիսով պիտի ըլլայ խումբին խմբապետը` 25 եւ 28 մարտին յաջորդաբար Նորվեկիոյ եւ Սկովտիոյ դէմ տեղի ունենալիք «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
Մորաթթա, որ Սպանիոյ հետ հանդէս կու գայ ինը տարիէ ի վեր, ցարդ 61 մրցումի ընթացքին նշանակած է 30 կոլ: