Մարզական

Պարսելոնա Մեսսիին Պիտի Առաջարկէ Տարուան Մը Պայմանագրութիւն

Պարսելոնա Մեսսիին Պիտի Առաջարկէ Տարուան Մը Պայմանագրութիւն

Սպանական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին պիտի առաջարկէ տարուան մը պայմանագրութիւն` զայն յառաջիկայ ամրան ընթացքին տարեշրջանով մը երկարաձգելու հաւանականութեամբ: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, 35 տարեկան Մեսսիի պիտի առաջարկուի տարեկան 25 միլիոն եւրօ աշխատավարձ մը: Մեսսիի պայմանագրութիւնը` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ իր աւարտին կը հասնի յունիսին, որմէ ետք ան կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Իր Կազմին Կ՛ուզէ Միացնել Հերի Քէյնը

Փարիզ Սեն Ժերմեն Իր Կազմին Կ՛ուզէ Միացնել Հերի Քէյնը

Ֆրանսայի ֆութպոլի գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, ամէն ջանք կը թափ, իր կազմին միացնելու Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Թոթենհամի յառաջապահ Հերի Քէյնը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին մայրաքաղաքի կազմը լուրջ բանակցութիւններու պիտի սկսի լոնտոնեան ակումբի պատասխանատուներուն հետ: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, անգլիական ակումբը 29 տարեկան իր ֆութպոլիստին համար կը պահանջէ 100 միլիոն...

Սատիօ Մանէ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ Իր Ակումբէն

Սատիօ Մանէ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ Իր Ակումբէն

Պայէրն Միւնիխի ղեկավարութիւնը 350 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկեց ակումբին մաս կազմող սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէն, որ հարուածած էր իր խմբակիցին` գերմանացի Լըրոյ Սանէին: Անոնք երկուքը իրարու հետ վիճաբանած էին, Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին երթի մրցումին ընթացքին եւ այդ վիճաբանութիւնը շարունակած էին հանդերձարանին մէջ, որմէ ետք Մանէ հարուածած էր Սանէին: Նշուեցաւ, որ այս տուգանքը մրցանշային է`...

Ա. Սէ. Միլան Երկարաձգեց Օլիվիէ Ժիրուի Պայմանագրութիւնը

Ա. Սէ. Միլան Երկարաձգեց Օլիվիէ Ժիրուի Պայմանագրութիւնը

Իտալիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Ա. Սէ. Միլան երկարաձգեց ֆրանսացի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրուի գործող պայմանագրութիւնը, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 36 տարեկան յառաջապահին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը: Ֆրանսացին, իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ, յուլիս 2021-ին միացաւ միլանեան ակումբին: Նշենք, որ անոր վերջին ակումբն էր լոնտոնեան Չելսին: Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ ցարդ մասնակցած է 38 մրցումի,...

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց Պենզեմայի Պայմանագրութիւնը

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց Պենզեմայի Պայմանագրութիւնը

Սպանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ մինչեւ յունիս 2024 երկարաձգեց ֆրանսացի 35 տարեկան յառաջապահ Քարիմ Պենզեմայի գործող պայմանագրութիւնը: Ըստ սպանական մարզական մամուլին, յառաջիկայ տարեշրջանը անոր համար պիտի ըլլայ վերջինը` արքայական ակումբին հետ: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին, ան ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 20 մրցումի, նշանակած 14 կոլ եւ կատարած 3 էսիսթ:

Մարմնամարզութիւն.  Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Արթուր Դաւթեան Թուրքիոյ Մէջ  Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Մարմնամարզութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Արթուր Դաւթեան Թուրքիոյ Մէջ Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Դաւթեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Յենացատկի մրցումներուն, աշխարհի գործող ախոյեանը աւարտականի մրցումին ապահովեց 15.033 կէտ: Զտումի մրցումներուն եւս ան արձանագրած էր ամէնէն բարձր արդիւնքը (15.066 կէտ): Արթուր Դաւթեան, որ 2021-ին եւս հանդիսացած էր Եւրոպայի ախոյեան (նժոյգի մրցումներուն), այսպիսով իր ետին ձգեց անգլիացի Ճէյք Ժարմանը (15.016) եւ ուքրանացի Իկոր Ռատիվիլովը (14.750): Այսպիսով,...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 2023-ի Ֆութպոլի  Զարգացման Մրցաշարք.  Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Տղոց  Հաւաքականը` Տիտղոսակիր

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 2023-ի Ֆութպոլի Զարգացման Մրցաշարք. Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Տղոց Հաւաքականը` Տիտղոսակիր

Մալթայի մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի 2023-ի ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ վերջին մրցումը, Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ տղոց 16 տարեկանէն վար հաւաքականներուն միջեւ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայրենի կազմը, արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Հայաստան, որ մրցաշարքը աւարտեց 6 կէտով, այսպիսով հռչակուեցաւ մրցաշարքի յաղթական: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Վազգէն Թեւանեան Հանդիսացաւ  Եւրոպայի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Վազգէն Թեւանեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Զաղրեպի մէջ (Խրուաթիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան 65 քկ դասակարգի մրցումներու աւարտականին, աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեան Վազգէն Թեւանեան, որ մրցեցաւ աշխարհի 23 տարեկանէն վար փոխախոյեան, Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան, Պուլկարիոյ ներկայացուցիչ Միքայ Սալիմ Նայիմի դէմ, արձանագրելով 12-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան: Նշենք, որ Թեւանեան, քառորդ աւարտականին, յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ալի Ռատիմզատային, 4-1 արդիւնքով, իսկ...

Յովհաննէս Բաչկովի 5-րդ Յաղթանակը`  Արհեստավարժ Ռինկի Վրայ

Յովհաննէս Բաչկովի 5-րդ Յաղթանակը` Արհեստավարժ Ռինկի Վրայ

Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Բաչկով նախորդ շաբաթավերջին իր 5-րդ յաղթանակը արձանագրեց արհեստավարժ ռինկի վրայ: Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած մենամարտին, հայ կռփամարտիկը, որ 63,5 քկ դասակարգին մէջ մրցեցաւ վենեզուելացի Խոսէ Մունիոսի դէմ, 6-րդ ռաունտին նաք աութի ենթարկեց իր մրցակիցը: Բաչքով իր 5-րդ մենամարտը կը կատարէր արհեստավարժ ռինկի վրայ: Եւրոպայի եռակի ախոյեանը յառաջիկայ մայիսին Թաշկենդի մէջ Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ...

Մարմնամարզութիւն.  Հայաստան 4 Մարզիկով Կը Մասնակցի  Եգիպտոսի Մէջ Տեղի Ունենալիք Աշխարհի  Բաժակի Մրցաշարքի 4-րդ Հանգրուանին

Մարմնամարզութիւն. Հայաստան 4 Մարզիկով Կը Մասնակցի Եգիպտոսի Մէջ Տեղի Ունենալիք Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքի 4-րդ Հանգրուանին

Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը յայտնեց, որ մայիսին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի 4-րդ մրցաշարքին Հայաստան պիտի ունենայ չորս ներկայացուցիչ: Եգիպտոսի մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Արթուր Դաւթեան, Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան: Վահագն Դաւթեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ` նկատի ունենալով, որ ան աշնան Պելճիքայի մէջ պիտի մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան: Նշուեցաւ, որ նախքան Պելճիքայի մէջ այս ախոյեանութեան մեկնարկը տրուիլը,...

Վահագն Հայրապետեան Միացաւ  Աքժայիք Ուրալսքի

Վահագն Հայրապետեան Միացաւ Աքժայիք Ուրալսքի

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Նոա Երեւանէն հեռացած Վահագն Հայրապետեան միացաւ ղազախական Աքժայիք Ուրալսքի, այս մասին յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը: 25 տարեկան միջնապահը, որ Փիւնիկ Երեւանի սան է, նախապէս մաս կազմած է նաեւ Ալաշկերտի եւ Քայրաթ-Մոսկուայի: Ան Հայաստանի ֆութպոլի ընթացիկ տարեշրջանին 18 մրցումի ընթացքին կատարեց 3 էսիսթ: Նշենք, որ Ղազախստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք,...

Մահացաւ Հայաստանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի  Նախկին Նախագահ Վանիկ Զաքարեան

Մահացաւ Հայաստանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Նախկին Նախագահ Վանիկ Զաքարեան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 87 տարեկան հասակին մահացաւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Վանիկ Զաքարեան, որ պաշտօնավարած է 1994-էն 2004: Նշենք, որ ան եղած է նաեւ Հայաստանի ճատրակի կրկնակի ախոյեան: Ան տիրացած է բազմաթիւ մետալներու, որոնց կարգին` Մովսէս Խորենացիի, Անանիա Շիրակացիի, ինչպէս նաեւ «Հայրենիքին համար մատուցած ծառայութիւններու» առաջին աստիճանի մետալին (2011-ին):  

Ֆրանսական Ֆութպոլ.  Էմպափէ Գերազանցեց Քաւանիի Մրցանիշը

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Էմպափէ Գերազանցեց Քաւանիի Մրցանիշը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Լանսը, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քիլիան Էմպափէ, որ 31-րդ վայրկեանին նշանակեց հիւրընկալ կազմին առաջին կոլը, այսպիսով գերազանցեց ակումբի նախկին ֆութպոլիստ, ուրուկուէյցի Էտինսոն Քաւանիի մրցանիշը, որ մայրաքաղաքի կազմին հետ անցեալին նշանակած էր 138 կոլ: 24 տարեկան Էմպափէ այսպիսով նշանակեց իր 139-րդ կոլը` Ֆրանսայի ֆութպոլի...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտ Եւ Ա. Սէ. Միլան Ապահովեցին  Կիսաւարտական Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Ա. Սէ. Միլան Ապահովեցին Կիսաւարտական Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանի դարձի մրցումներուն լոյսին տակ, երկու խումբեր` Ռէալ Մատրիտ եւ Ա. Սէ. Միլան ապահովեցին կիսաւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը: Սպանիոյ գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, որ երթին իր դաշտին վրայ արձանագրած էր 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, այս անգամ իր յաղթանակը կրկնեց Լոնտոնի մէջ, 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Չելսին: Պրազիլցի Ռոտրիկօ նշանակեց արքայական ակումբի երկու անպատասխան կոլերը...

Պարսելոնա Կը Փորձէ Զօրացնել  Իր Աղջկանց Ֆութպոլի Խումբը

Պարսելոնա Կը Փորձէ Զօրացնել Իր Աղջկանց Ֆութպոլի Խումբը

Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի խումբը կ՛աշխատի իր կազմին միացնել անուանի ֆութպոլիստ, նորվեկիացի Ատա Հեկերպերկը` այս ձեւով փորձելով զօրացնել իր շարքերը: Նշուեցաւ, որ մինչեւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան մեկնարկը տրուիլը, Պարսելոնա այս ամրան ընթացքին իր կազմին պիտի միացնէ 27 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 9-րդ տարեշրջանն ըլլալով ելոյթ կ՛ունենայ ֆրանսական Լիոնի հետ: Եթէ այս փոխանցումը կատարուի, ան պիտի դառնայ աղջկանց ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն սուղ արժող...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը սոյն հաղորդագրութեամբ կու գայ տեղեկացնելու, թէ անցնող շաբաթներուն, ծրագրուած եւ հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ դարձեալ ունեցաւ իր ներկայացուցիչը, ըլլալով վերոյիշեալ ֆետերասիոնի առաջին իգական սեռի անդամը, որ երկար տարիներ եղած է Լիբանանի աղջկանց ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ, յանձին քոյր Նաթալի Չիլինկիրեանի: Այս ձեւով ՀՄԸՄ Լիբանան կու գայ հաստատելու, որ իր առաջադրած բոլոր թեկնածուները ֆետերասիոններուն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ-Տինամօ` 77-97

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Տինամօ` 77-97

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ֆայնըլ էյթի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցեցաւ Տինամոյի դէմ: «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով, 97-77 արդիւնքով (20-35, 16-18, 18-30 եւ 23-14): Մրցումին ամէնէն աւելի շատ կէտը (22 ) նշանակեց Տինամոյի խմբապետ Ժատ Խալիլ (ներառեալ` 6 թրի փոյնթ),...

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն. Բացման Հանդիսութեան Այրեցաւ Ազրպէյճանի Դրօշակը

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն. Բացման Հանդիսութեան Այրեցաւ Ազրպէյճանի Դրօշակը

- Իզապելլա Եայլեան Հայաստանին Ապահովեց Առաջին Մետալը, Իսկ Գոռ Սահակեան` Առաջին Ոսկի Մետալը Ուրբաթ, 14 ապրիլին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան բացման հանդիսաւոր հանդիսութիւնը: Դրօշակներու շքերթին ընթացքին երկրորդ երկիրն էր Ազրպէյճանը: Հանդիսատեսներէն մէկը, բարձրանալով բեմ, Ազրպէյճանի դրօշակը բռնած աղջկան ձեռքէն խլելով զայն, հրկիզեց եւ ապա սրահէն դուրս բերաւ հրկիզուած դրօշակը: Ապահովութեան հսկող անձերը բռնեցին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Տպաւորիչ Ելոյթ Մը Ունենալով 88-65 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնեց Լիտըրզը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Տպաւորիչ Ելոյթ Մը Ունենալով 88-65 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնեց Լիտըրզը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ֆայնըլ էյթի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Լուէյզիի մարզադաշտին մէջ (Զուք Մոսպեհ) հիւրը եղաւ Լիտըրզին, տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով արձանագրեց 88-65 արդիւնքով յաղթանակ մը (20-16, 18-23, 13-23 եւ 14-26): Այս յաղթանակը առաջինն էր ՀՄԸՄ-ի կազմին համար, յաջորդական երկու պարտութենէ ետք, մինչ մրցում մը նուազ կատարած Լիտըրզի համար` երկրորդ պարտութիւնը: Լիտըրզի դէմ...

Նազիկ Ավդալեան` Եւրոպայի Ախոյեանութեան Իրաւարար

Նազիկ Ավդալեան` Եւրոպայի Ախոյեանութեան Իրաւարար

Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան իրաւարարներու կարգին ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Նազիկ Ավդալեան, այս մասին յայտնեց Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը: Ախոյեանութեան թեքնիք պաշտօնեաներու կարգին են, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Արայիկ Ալավերդեան եւ Յարութիւն Չոբանեան: Նշենք, որ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 15-23 ապրիլին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Այլ գետնի վրայ, Ազրպէյճանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը...

Page 302 of 1280 1 … 301 302 303 … 1,280

Արխիւներ