«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանի դարձի մրցումներուն լոյսին տակ, երկու խումբեր` Ռէալ Մատրիտ եւ Ա. Սէ. Միլան ապահովեցին կիսաւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Սպանիոյ գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, որ երթին իր դաշտին վրայ արձանագրած էր 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, այս անգամ իր յաղթանակը կրկնեց Լոնտոնի մէջ, 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Չելսին:
Պրազիլցի Ռոտրիկօ նշանակեց արքայական ակումբի երկու անպատասխան կոլերը (58-րդ եւ 80-րդ):
Նշենք, որ յաղթական կազմէն ֆրանսացի Քարիմ Պենզեմա թէեւ կոլ չնշանակեց, սակայն կատարեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքի իր 150-րդ մրցումը:
Իր կարգին, կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց Իտալիոյ գործող ախոյեանը` Ա. Սէ. Միլան, որ Նափոլիի դաշտին վրայ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Նշենք, որ միլանեան կազմը երթին իր դաշտին վրայ արձանագրած էր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Կիսաւարտականի երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 9-10 մայիսին, իսկ դարձի մրցումները` 16-17 մայիսին: