– Իզապելլա Եայլեան Հայաստանին Ապահովեց Առաջին Մետալը,
Իսկ Գոռ Սահակեան` Առաջին Ոսկի Մետալը
Ուրբաթ, 14 ապրիլին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան բացման հանդիսաւոր հանդիսութիւնը:
Դրօշակներու շքերթին ընթացքին երկրորդ երկիրն էր Ազրպէյճանը:
Հանդիսատեսներէն մէկը, բարձրանալով բեմ, Ազրպէյճանի դրօշակը բռնած աղջկան ձեռքէն խլելով զայն, հրկիզեց եւ ապա սրահէն դուրս բերաւ հրկիզուած դրօշակը:
Ապահովութեան հսկող անձերը բռնեցին այդ դրօշակը հրկիզողը եւ ապա նոր դրօշակ մը բերին:
Մարզահամերգային համալիրը ամբողջութեամբ լեցուցած հայ համակիրները սուլեցին նաեւ, երբ կարգը հասաւ Թուրքիոյ:
Հայաստանի համար առաջին մետալը ապահովողը հանդիսացաւ Իզապելլա Եայլեան, որ 55 քկ դասակարգին մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը` բարձրացնելով 196 քկ (87 եւ 109):
Իսկ Հայաստանի համար առաջին ոսկի մետալը ապահովեց Գոռ Սահակեան, որ 67 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 320 քկ արդիւնք մը:
Արծաթ մետալին տիրացաւ սպանացի Խուան Աքարա Մենտոսա (305 քկ), իսկ պրոնզ մետալին թուրք Քաան Քահրիմա (301 քկ):