Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան իրաւարարներու կարգին ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Նազիկ Ավդալեան, այս մասին յայտնեց Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը:
Ախոյեանութեան թեքնիք պաշտօնեաներու կարգին են, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Արայիկ Ալավերդեան եւ Յարութիւն Չոբանեան:
Նշենք, որ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 15-23 ապրիլին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
Այլ գետնի վրայ, Ազրպէյճանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը յայտնեց, որ ազրպէյճանցի չորս ծանրաբարձներ` Իսա Ռուստամով (67 քկ), Օմար Ճաւատով (73 քկ), Ալի Շուքուրլու (102 քկ) եւ Նազիլիա Իսմայիլովա (49 քկ) իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան: