Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ֆայնըլ էյթի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցեցաւ Տինամոյի դէմ:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով, 97-77 արդիւնքով (20-35, 16-18, 18-30 եւ 23-14):
Մրցումին ամէնէն աւելի շատ կէտը (22 ) նշանակեց Տինամոյի խմբապետ Ժատ Խալիլ (ներառեալ` 6 թրի փոյնթ), մինչ ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մարք Լայընզ (18 կէտ):
5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ շաբաթ, 29 ապրիլին հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատի Պէյրութին:


