Սպանական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին պիտի առաջարկէ տարուան մը պայմանագրութիւն` զայն յառաջիկայ ամրան ընթացքին տարեշրջանով մը երկարաձգելու հաւանականութեամբ:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, 35 տարեկան Մեսսիի պիտի առաջարկուի տարեկան 25 միլիոն եւրօ աշխատավարձ մը:
Մեսսիի պայմանագրութիւնը` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ իր աւարտին կը հասնի յունիսին, որմէ ետք ան կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ մը` միանալով իր նախասիրած ակումբին:
Փարիզեան ակումբը պատրաստ է իր համագործակցութիւնը շարունակելու Մեսսիի հետ, սակայն ցարդ դրական պատասխան չէ ստացած անկէ: