Ֆրանսայի ֆութպոլի գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, ամէն ջանք կը թափ, իր կազմին միացնելու Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Թոթենհամի յառաջապահ Հերի Քէյնը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին մայրաքաղաքի կազմը լուրջ բանակցութիւններու պիտի սկսի լոնտոնեան ակումբի պատասխանատուներուն հետ:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, անգլիական ակումբը 29 տարեկան իր ֆութպոլիստին համար կը պահանջէ 100 միլիոն եւրօ:
Քէյնով հետաքրքրուած են նաեւ Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ:
Անգլիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան, Քէյն ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 32 մրցումի, նշանակած 24 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ: