Պայէրն Միւնիխի ղեկավարութիւնը 350 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկեց ակումբին մաս կազմող սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէն, որ հարուածած էր իր խմբակիցին` գերմանացի Լըրոյ Սանէին:
Անոնք երկուքը իրարու հետ վիճաբանած էին, Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին երթի մրցումին ընթացքին եւ այդ վիճաբանութիւնը շարունակած էին հանդերձարանին մէջ, որմէ ետք Մանէ հարուածած էր Սանէին:
Նշուեցաւ, որ այս տուգանքը մրցանշային է` գերմանական ակումբի ֆութպոլի պատմութեան մէջ:
Մանէ, որ 2022-ի ամրան Լիվըրփուլէն տեղափոխուեցաւ Պայէրն Միւնիխ, ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 34 մրցումի, նշանակած 12 կոլ եւ կատարած 5 էսիսթ: