Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Լանսը, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Քիլիան Էմպափէ, որ 31-րդ վայրկեանին նշանակեց հիւրընկալ կազմին առաջին կոլը, այսպիսով գերազանցեց ակումբի նախկին ֆութպոլիստ, ուրուկուէյցի Էտինսոն Քաւանիի մրցանիշը, որ մայրաքաղաքի կազմին հետ անցեալին նշանակած էր 138 կոլ:
24 տարեկան Էմպափէ այսպիսով նշանակեց իր 139-րդ կոլը` Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, մինչ Քաւանիի ետին երրորդ կը հանդիսանայ շուէտացի Զլաթան Իպրահիմովիչ (113 կոլ):
Լանսի դէմ կատարուած մրցումին Սեն Ժերմենի մնացեալ կոլերը նշանակեցին Վիթինիա (37-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (40-րդ):
Նշենք, որ նախքան Փարիզ Սեն Ժերմենի երեք կոլերուն նշանակուիլը, 19-րդ վայրկեանին Լանսի մէկ մարզիկը կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Լանս նահանջեց երրորդ դիրք (63 կէտ)` իր տեղը զիջելով Մարսէյին (64 կէտ), որ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Թրուային:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, 72 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: