Իտալիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Ա. Սէ. Միլան երկարաձգեց ֆրանսացի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրուի գործող պայմանագրութիւնը, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
36 տարեկան յառաջապահին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը:
Ֆրանսացին, իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ, յուլիս 2021-ին միացաւ միլանեան ակումբին:
Նշենք, որ անոր վերջին ակումբն էր լոնտոնեան Չելսին:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ ցարդ մասնակցած է 38 մրցումի, նշանակած 13 կոլ եւ կատարած 6 էսիսթ:


