Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Դաւթեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Յենացատկի մրցումներուն, աշխարհի գործող ախոյեանը աւարտականի մրցումին ապահովեց 15.033 կէտ:
Զտումի մրցումներուն եւս ան արձանագրած էր ամէնէն բարձր արդիւնքը (15.066 կէտ):
Արթուր Դաւթեան, որ 2021-ին եւս հանդիսացած էր Եւրոպայի ախոյեան (նժոյգի մրցումներուն), այսպիսով իր ետին ձգեց անգլիացի Ճէյք Ժարմանը (15.016) եւ ուքրանացի Իկոր Ռատիվիլովը (14.750):
Այսպիսով, Յակոբ Սերոբեանի գլխաւորած հաւաքականը երեք մետալ ապահովեց իր ելոյթին:
Հայաստանի համար արծաթ մետալ մը ապահոված էր Վահագն Դաւթեան (օղակներու մրցումներուն), մինչ նժոյգի մրցումներուն պրոնզէ մետալին տիրացած էր Արթուր Դաւթեան: