Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Նոա Երեւանէն հեռացած Վահագն Հայրապետեան միացաւ ղազախական Աքժայիք Ուրալսքի, այս մասին յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը:
25 տարեկան միջնապահը, որ Փիւնիկ Երեւանի սան է, նախապէս մաս կազմած է նաեւ Ալաշկերտի եւ Քայրաթ-Մոսկուայի:
Ան Հայաստանի ֆութպոլի ընթացիկ տարեշրջանին 18 մրցումի ընթացքին կատարեց 3 էսիսթ:
Նշենք, որ Ղազախստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Աքժայիք 4 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը:


