Մալթայի մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի 2023-ի ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ վերջին մրցումը, Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ տղոց 16 տարեկանէն վար հաւաքականներուն միջեւ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայրենի կազմը, արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Հայաստան, որ մրցաշարքը աւարտեց 6 կէտով, այսպիսով հռչակուեցաւ մրցաշարքի յաղթական:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արմէն Պետրոսեան: