Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի խումբը կ՛աշխատի իր կազմին միացնել անուանի ֆութպոլիստ, նորվեկիացի Ատա Հեկերպերկը` այս ձեւով փորձելով զօրացնել իր շարքերը:
Նշուեցաւ, որ մինչեւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան մեկնարկը տրուիլը, Պարսելոնա այս ամրան ընթացքին իր կազմին պիտի միացնէ 27 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 9-րդ տարեշրջանն ըլլալով ելոյթ կ՛ունենայ ֆրանսական Լիոնի հետ:
Եթէ այս փոխանցումը կատարուի, ան պիտի դառնայ աղջկանց ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն սուղ արժող ֆութպոլիստը` նկատի ունենալով, որ Պարսելոնա պատրաստ է անոր փոխանցման համար վճարելու 400 հազար եւրօ:
Նշենք, որ ան Լիոնի հետ 198 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած է 212 կոլ: