Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը յայտնեց, որ մայիսին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի 4-րդ մրցաշարքին Հայաստան պիտի ունենայ չորս ներկայացուցիչ:
Եգիպտոսի մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Արթուր Դաւթեան, Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան:
Վահագն Դաւթեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ` նկատի ունենալով, որ ան աշնան Պելճիքայի մէջ պիտի մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան:
Նշուեցաւ, որ նախքան Պելճիքայի մէջ այս ախոյեանութեան մեկնարկը տրուիլը, Հայաստանի կազմը 14 օրուան ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան):
Այս ախոյեանութիւնը կը նկատուի կարեւոր, որովհետեւ անիկա կարեւոր է Փարիզ-2024-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն տոմս ապահովելու իմաստով:


