Մարզական

Թենիս. Մոնթէ Քարլոյի Մրցաշարք.  Կարէն Խաչանով Ապահովեց 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Թենիս. Մոնթէ Քարլոյի Մրցաշարք. Կարէն Խաչանով Ապահովեց 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Ռուսահայ անուանի թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մոնաքոյի մէջ տեղի ունեցող Մոնթէ Քարլոյի թենիսի Մասթըրզի միջազգային մրցաշարքին, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իլիա Իվաշքան (Պիելոռուսիա): Խաչանով աշխարհի դասաւորման մէջ դասուած է 12-րդ, մինչ Իվաշքա` 74-րդ: 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Խաչանովի (այս մրցաշարքին գծով դասուած` 9-րդ) մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուս...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտ Եւ Ա. Սէ. Միլան` Յաղթական

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Ա. Սէ. Միլան` Յաղթական

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած երկու ճակատումները աւարտեցան հիւրընկալ կազմերուն` Ռէալ Մատրիտի եւ Ա. Սէ. Միլանի յաղթանակով: Արքայական ակումբը, որ Մատրիտի մէջ հիւրընկալեց անգլիական Չելսին, անոր դէմ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ֆրանսացի Քարիմ Պենզեմա նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (21-րդ), մինչ երկրորդը նշանակեց սպանացի Մարքօ Ասենսիօ (74-րդ): Երկու կոլերուն ալ էսիսթը կատարեց...

Մարքուս Ռեշֆորտ 2-3 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Մարքուս Ռեշֆորտ 2-3 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Մարքուս Ռեշֆորտ, որ Էվըրթընի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումին վիրաւորուեցաւ, 2-3 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ 25 տարեկան Ռեշֆորտ ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ տարեշրջանին վերջին բաժինը: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին ան 29 մրցումի ընթացքին նշանակած է 15 կոլ եւ կատարած 4 էսիսթ:

Ֆիրմինօ Հաստատեց, Որ Պիտի Հեռանայ Լիվըրփուլէն

Ֆիրմինօ Հաստատեց, Որ Պիտի Հեռանայ Լիվըրփուլէն

Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլի 31 տարեկան պրազիլցի յառաջապահ Ռոպերթօ Ֆիրմինօ հաստատեց, որ այս ամրան ընթացքին պիտի հեռանայ գերմանացի Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած կազմէն, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը անգլիական ակումբին հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ յունիսին, եւ ան կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ ու կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին: Ֆիրմինօ, որ Լիվըրփուլին մաս կը կազմէ 2015-էն ի վեր, ցարդ...

Նասըր Կ՛ուզէ Իր Խումբի Մարզիչ Նշանակել Մուրինիոն

Նասըր Կ՛ուզէ Իր Խումբի Մարզիչ Նշանակել Մուրինիոն

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, սէուտական Նասըր ֆութպոլի խումբը մեծ աշխատանք կը տանի իր կազմին մարզիչ նշանակելու փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոն: Նասըր նախանցեալ օր պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` ֆրանսացի Ռուտի Կարսիան, մինչ միեւնոյն ժամանակ ալ դժգոհ է փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի ելոյթներէն: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, Նասըր Մուրինիոյին առաջարկած է երկու տարուան պայմանագրութիւն մը` 100 միլիոն եւրօ աշխատավարձով (տարեկան` 50 միլիոն եւրօ): Եթէ...

Մանէ Հանդերձարանին Մէջ Հարուածած Է Սանէի Դէմքին

Մանէ Հանդերձարանին Մէջ Հարուածած Է Սանէի Դէմքին

Գերմանական մարզական մամուլին համաձայն, Պայէրն Միւնիխի ֆութպոլիստներ Սատիօ Մանէ եւ Լըրոյ Սանէ, Մանչեսթըր Սիթիէն իրենց կազմին կրած պարտութենէն ետք («Չեմփիընզ Լիկ», 3-0), հանդերձարանին մէջ իրարու հետ կռիւ մը ունեցած են: Անոնց միջեւ վիճաբանութիւնը սկսած է մրցումին աւարտէն կարճ ատեն մը առաջ` դաշտին մէջ, ապա ատիկա շարունակուած է հանդերձարանին մէջ: Նշուեցաւ, որ Մանէ հարուածած է Սանէի դէմքին, այդ պատճառով ալ վերջինիս...

Անգլիա, Իրլանտա, Իտալիա Եւ Թուրքիա Թեկնածու` Եւրոպայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Համար

Անգլիա, Իրլանտա, Իտալիա Եւ Թուրքիա Թեկնածու` Եւրոպայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Համար

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ստացուած է թեկնածութիւնը չորս երկիրներու, որոնք կ՛ուզեն հիւրընկալել «ԵՒՐՕ-2028»-ի եւ «ԵՒՐՕ-2032»-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Վերոնշեալ կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ «ԵՒՐՕ-2028»-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար իրենց միատեղ թեկնածութիւնը առաջադրած են Անգլիա եւ Իրլանտա, իսկ Թուրքիա` առանձինն: Իսկ «ԵՒՐՕ-2032»-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Իտալիա: Նշուեցաւ, որ եթէ Թուրքիա «ԵՒՐՕ-2028»-ի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքը...

Տին Սմիթ Նշանակուեցաւ Չելսիի Ժամանակաւոր Գլխաւոր Մարզիչ

Տին Սմիթ Նշանակուեցաւ Չելսիի Ժամանակաւոր Գլխաւոր Մարզիչ

Անգլիացի Տին Սմիթ նշանակուեցաւ Լայսթըր Սիթիի ժամանակաւոր գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 52 տարեկան մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ յունիս: Խումբի երկրորդ մարզիչ նշանակուեցաւ Չելսիի նախկին յետսապահ, անգլիացի Ճոն Թերի, որ Սմիթի հետ աշխատած է անցեալին, երբ անոնք մաս կը կազմէին Ասթոն Վիլայի: Սմիթ, որ նախորդ դեկտեմբերին հեռացած էր Նորուիչէն, անցեալին եղած է նաեւ Ասթոն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Սաժես Պէյրութ-Պէյրութ  Եւ Մարիսթ-Ռիատի Պէյրութ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես Պէյրութ-Պէյրութ Եւ Մարիսթ-Ռիատի Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ֆայնըլ էյթի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 13 ապրիլին տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Սաժես Պէյրութ կը հիւրընկալէ Պէյրութը, մինչ երեկոյեան ժամը 19:30-ին Մարիսթ` Ռիատի Պէյրութը: Նշենք, որ Սաժես Պէյրութ իր կատարած երկրորդ մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 120-71 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մարիսթը, մինչ առաջին մրցումին յաղթանակ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսին Աղջկանց  Ֆայնըլ Ֆորի Մրցումները

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսին Աղջկանց Ֆայնըլ Ֆորի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն յայտագիրը: Ֆայնըլ ֆորի առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 13 ապրիլին, երբ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Պէյրութ կը հիւրընկալէ Հուփսը, Շիահի իր մարզադաշտին մէջ: Վաղը` ուրբաթ, 14 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Մանարայի իր դաշտին վրայ, Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Չեմփսը: Ֆայնըլ ֆորի մրցումները կը շարունակուին մինչեւ...

Մարմնամարզութիւն. Եւրոպայի  Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Երեք Ներկայացուցիչ Ապահովեց  Աւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը

Մարմնամարզութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Երեք Ներկայացուցիչ Ապահովեց Աւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը

Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը: Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայրենի երեք մարզիկներ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը: Աւարտականին հասնող այդ երեք մարմնամարզիկները հանդիսացան Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան եւ Արթուր Աւետիսեան: Սակայն Յարութիւն Մերդինեան եւ Գագիկ Խաչիկեան չկրցան ապահովել աւարտականի իրենց տոմսերը: Նշենք, որ աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան...

Թենիս. Մոնթէ Քարլոյի Միջազգային Մրցաշարք.  Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Թենիս. Մոնթէ Քարլոյի Միջազգային Մրցաշարք. Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Աշխարհի տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ 12-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մոնթէ Քարլոյի մէջ (Մոնաքօ) տեղի ունեցող «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ. -1000» թենիսի միջազգային մրցաշարքին ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը: Ա. հանգրուանի մրցումներուն, 26 տարեկան Խաչանով, որ մրցեցաւ սպանացի Ալեխանտրօ Տաւիտովիչ-Ֆոքինայի դէմ (24-րդ), արձանագրեց 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, այս մրցաշարքին...

Պասքեթպոլ.  Անտրէ Սփայթ-Մկրտչեան Իր Արհեստավարժ  Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Ֆրանսայի Մէջ

Պասքեթպոլ. Անտրէ Սփայթ-Մկրտչեան Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Ֆրանսայի Մէջ

Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատար Անտրէ Սփայթ-Մկրտչեան իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ֆրանսայի մէջ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ ան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Ֆրանսայի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող «Ա. ԷԼ. ԷՄ.-Էվրիօ Պասքեթ» խումբին հետ: Նախքան այս խումբին միանալը, ան մաս կը կազմէր Հոլիվուտ-Հրազդան ակումբին, որ կը ներկայացնէ հայ-ամերիկեան լիկան: Նշենք,...

«Չեմփիընզ Լիկ».Պայէրն Միւնիխ 3-0 Արդիւնքով Ծանր  Պարտութիւն Մը Կրեց Մանչեսթըրի Մէջ

«Չեմփիընզ Լիկ».Պայէրն Միւնիխ 3-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Մանչեսթըրի Մէջ

Հենրիխ Մխիթարեանի Կազմը Ինթեր Միլան` 2-0 Արդիւնքով Յաղթական «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանին գծով կատարուած երթի մրցումներուն, Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Մանչեսթըր Սիթիին, անկէ կրեց 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը: Անգլիոյ ախոյեանին երեք անպատասխան կոլերը նշանակեցին սպանացի միջնապահ Ռոտրիկօ Հերնանտես (27-րդ), փորթուգալցի միջնապահ Պերնարտօ Սիլվա (70-րդ) եւ նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ (77-րդ): Մրցումին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Իր Կատարած  Երկու Մրցումներուն Ալ Պարտուեցաւ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Իր Կատարած Երկու Մրցումներուն Ալ Պարտուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ֆայնըլ էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ իր կատարած երկու մրցումներուն ալ պարտութիւն կրեց: Առաջինին ՀՄԸՄ, որ հիւրը եղաւ Տինամոյին, անկէ կրեց 107-78 արդիւնքով պարտութիւն մը (27-15, 34-24, 27-20 եւ 19-19): ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մարք Լայընզ (27): Իսկ երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա...

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան  Ախոյեանութիւն.  Հրապարակուեցան Հայաստանի  Հաւաքականներուն Կազմերը

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն. Հրապարակուեցան Հայաստանի Հաւաքականներուն Կազմերը

Ինչպէս ծանօթ է, 15-23 ապրիլին Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն հրապարակեց Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականներու կազմերը, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այս ախոյեանութեան: Ստորեւ` հայրենի հաւաքականներուն կազմերը. Տղաք Գոռ Սահակեան (67 քկ), Ռաֆիկ Յարութիւնեան (81 քկ), Անդրանիկ Կարապետեան (89 քկ), Դաւիթ Յովհաննիսեան, Արա Աղանեան (96 քկ), Գարիկ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 16 Տարեկանէն Վար  Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականը Մեկնեցաւ Մալթա

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 16 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Մեկնեցաւ Մալթա

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին կողմէ կազմակերպուած 16 տարեկանէն վար 2023-ի ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքին, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը մեկնեցաւ Մալթա, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս մրցաշարքին գծով Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը յաջորդաբար պիտի մրցի Իսլանտայի (13 ապրիլ), Մալթայի (15 ապրիլ) եւ Էսթոնիոյ (18 ապրիլ) դէմ:

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը  Ութ Մարզիկով Կը Մասնակցի Մրցաշարքին

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Ութ Մարզիկով Կը Մասնակցի Մրցաշարքին

17-23 ապրիլին Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 2023-ի ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յաբէթնակ Կուրղինեան հրապարակեց այս ախոյեանութեան մասնակցող իր կազմը: Ստորեւ` Հայաստանի հաւաքականին կազմը. Մանուէլ Խնձրեան (57 քկ), Արսէն Յարութիւնեան (61 քկ), Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), Արման Անդրէասեան (70 քկ), Հրայր Ալիխանեան (74 քկ), Արման Աւագեան (79 քկ), Մուշեղ Մկրտչեան (86 քկ) եւ Սերկէյ...

Աղջկանց Ֆութպոլ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը  Իր Երկրորդ Պարտութիւնը Կրեց Կիպրոսէն

Եւրոպայի Աղջկանց 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան-Ֆարօ Կղզիներ` 0-2

Աբովեանի քաղաքային մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Ֆարօ կղզիներ մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Բ. հանգրուանի ՊԻ-4 խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Հայաստանի հաւաքականը, որ իր կատարած առաջին մրցումին մրցած էր Մալթայի դէմ, անկէ կրած էր 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Նշենք, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Գագիկ Տէր...

Աղջկանց Ֆութպոլ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը  Իր Երկրորդ Պարտութիւնը Կրեց Կիպրոսէն

Աղջկանց Ֆութպոլ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Իր Երկրորդ Պարտութիւնը Կրեց Կիպրոսէն

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով մրցեցաւ Կիպրոսի դէմ, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հայրենի կազմը իր կատարած առաջին մրցումին Կիպրոսէն կրած էր 6-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արտակ Ադամեան:  

Page 303 of 1280 1 … 302 303 304 … 1,280

Արխիւներ