Մարզական

Մեսսի Աշխատավարձի Բարձրացում Կը Պահանջէ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Մեսսի Աշխատավարձի Բարձրացում Կը Պահանջէ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի աշխատավարձի բարձրացում կը պահանջէ իր ակումբէն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ այս պատճառով փարիզեան ակումբին եւ 35 տարեկան ֆութպոլիստին միջեւ բանակցութիւնները` նոր պայմանագիրի գծով, մտած են փապուղի: Մայրաքաղաքի կազմը պատրաստ չէ վճարելու աւելի բարձր աշխատավարձ, սակայն կը փափաքի, որ Մեսսի մնայ ակումբին մէջ, մանաւանդ որ...

Զիտան Շատ Հաւանաբար Երրորդ Անգամ Ըլլալով Նշանակուի Ռէալ Մատրիտի Մարզիչ

Զիտան Շատ Հաւանաբար Երրորդ Անգամ Ըլլալով Նշանակուի Ռէալ Մատրիտի Մարզիչ

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, ֆրանսացի մասնագէտ  Զինետտին Զիտան շատ հաւանաբար երրորդ անգամ ըլլալով նշանակուի Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլի խումբի մարզիչ: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, նախկին ֆութպոլիստն ու արքայական ակումբը, արդէն իսկ բանակցութիւններու սկսած են: Կը նշուի, որ մայրաքաղաքի կազմին այժմու մարզիչը` իտալացի Քարլօ Անչելոթթի շատ հաւանաբար հեռանայ խումբէն եւ ստանձնէ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը: 50 տարեկան ֆրանսացի Զիտան, նախապէս...

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Թուլուզ Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Թուլուզ Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր

Շաբաթ, 29 ապրիլին, «Սթատ տը Ֆրանս»-ի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Նանթ-Թուլուզ Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումը վերջ գտաւ Թուլուզի յաղթանակով. վերջինս 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց գործող տիտղոսակիրը: Այսպիսով, 1970-ին հիմնուած Թուլուզ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Յաղթական կազմէն տուպլէ իրագործեցին Լոկան Քոսթա (4-րդ եւ 10-րդ) եւ Թհիժս Տալինկա (23-րդ եւ 31-րդ), մինչ...

Լուքա Մոտրիչ Քանի Մը Մրցումով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Լուքա Մոտրիչ Քանի Մը Մրցումով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ, որ Ժիրոնայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ, կը կարծուի, որ քանի մը մրցումով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 37 տարեկան Մոտրիչ, որ բացակայեցաւ նախորդ շաբաթավերջին Ալմերիայի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (4-2), պիտի բացակայի Ռէալ Սոսիետատի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն, ինչպէս նաեւ շատ հաւանական է,...

Ըմբշամարտ.  Ռուսիոյ Մարզիկները Պիտի Մասնակցին Աշխարհի Ախոյեանութեան Եւ Ողիմպիական Խաղերուն

Ըմբշամարտ. Ռուսիոյ Մարզիկները Պիտի Մասնակցին Աշխարհի Ախոյեանութեան Եւ Ողիմպիական Խաղերուն

Ռուսական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Ռուսիոյ ըմբշամարտի ազգային խումբերը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերին, Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ: Անոնք այս ախոյեանութեան պիտի մասնակցին իբրեւ չէզոք մարզիկներ, առանց դրօշի: Ապրիլ ամսուան ընթացքին ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ ըմբիշներուն արտօնեց մասնակցիլ միջազգային մրցումներուն, ինչպէս նաեւ` Փարիզ-2024-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն: Այստեղ նշենք սակայն, որ...

Ճատրակ.  Հայկ Մ. Մարտիրոսեան Տիտղոսակիր` Ասթանայի Մէջ

Ճատրակ. Հայկ Մ. Մարտիրոսեան Տիտղոսակիր` Ասթանայի Մէջ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Հայկ Մ. Մարտիրոսեանի յաղթանակով վերջ գտաւ Ասթանայի (Ղազախստան) մէջ տեղի ունեցած կայծակնային ճատրակի «Սեթի Զուլտիզ Պլից» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը: Մարտիրոսեան առաւելագոյն 22 կէտէն 15,5 կէտ ապահովելով միանձնեայ գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ երկրորդ դիրքը 15 կէտով գրաւեց Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի նախկին յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ այժմ հանդէս կու գայ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ: Երրորդ-չորրորդ դիրքերը 13-ական կէտով բաժնեցին գերմանացի...

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Կարէն Աղամալեան Հրապարակեց Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Կարէն Աղամալեան Հրապարակեց Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

1-14 մայիսին Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան հրապարակեց այս ախոյեանութեան մասնակցող հաւաքականին կազմը: Ստորեւ` այս ախոյեանութեան մասնակցող հայրենի մարզիկներուն անունները. Բարեղամ Յարութիւնեան (48 քկ), Ռուտոլֆ Գարբոյեան (51 քկ), Ռուսլան Ասլիկեան (54 քկ), Արթուր Բազէեան (57 քկ), Արթուր Ղազարեան (60 քկ), Յովհաննէս Բաչքով...

«Էն. Պի. Էյ.»   Արեւելեան Շրջանին Առաջին Հանդիսացած Խումբը Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«Էն. Պի. Էյ.» Արեւելեան Շրջանին Առաջին Հանդիսացած Խումբը Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, արեւելեան շրջանին առաջին հանդիսացած խումբը` Միլուոքի Պաքս, երկարաձգումէն ետք 128-126 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Նիւ Եորք Նիքսէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն, ընդհանուր հաշուով անկէ պարտուելով 4-1 արդիւնքով: Այս վերջին` հինգերորդ մրցումին, յաղթական կազմէն 42 կէտ նշանակեց Ճիմի Պաթլըր, մինչ Պաքսէն 38 կէտ` Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ: 4-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեցին նաեւ...

Եուվենթուսին Վերադարձուեցաւ Անկէ Խլուած Ախոյեանութեան 15 Կէտը

Եուվենթուսին Վերադարձուեցաւ Անկէ Խլուած Ախոյեանութեան 15 Կէտը

Իտալական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Եուվենթուսին վերադարձուեցաւ անկէ խլուած ախոյեանութեան 15 կէտը: Նախորդ յունուարին Եուվենթուսէն խլուած էր 15 կէտ, ակումբին նախկին ղեկավարութեան կատարուած տնտեսական օրինազանցութիւններուն պատճառով: Այսպիսով, իր տրամադրութեան տակ այժմ ունենալով 59 կէտ, Եուվենթուս 7-րդ դիրքէն բարձրացաւ երրորդ դիրք եւ այժմ երկու կէտով միայն ետ կը մնայ երկրորդ դիրքը...

Քիքէ Սանչես Ֆլորես 3-րդ Անգամ Ըլլալով Հեռացուեցաւ Կեթաֆէէն

Քիքէ Սանչես Ֆլորես 3-րդ Անգամ Ըլլալով Հեռացուեցաւ Կեթաֆէէն

Սպանական Կեթաֆէ ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խզեց իր պայմանագրութիւնը մարզիչ Քիքէ Սանչես Ֆլորեսի հետ: Կեթաֆէ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան վերջին հինգ մրցումներուն արձանագրեց միայն յաղթանակ մը, եւ այժմ` 31-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, 31 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 17-րդ դիրքը: Քիքէ Ֆլորես 6 հոկտեմբեր 2021-ին երրորդ անգամ նշանակուած էր խումբի մարզիչ: Ան առաջին անգամ պաշտօնավարած էր 1 յուլիս 2004-էն 30...

Պարսելոնա Զգալիօրէն Պիտի Բարձրացնէ Տարեշրջանի Բաժանորդագրութեան Գիները

Պարսելոնա Զգալիօրէն Պիտի Բարձրացնէ Տարեշրջանի Բաժանորդագրութեան Գիները

Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ «Քամփ Նու» մարզադաշտին վերանորոգութեան համար հաւաքեց 1,45 միլիառ եւրօ: Յառաջիկայ տարեշրջանին Պարսելոնա իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումներուն համար նկատի առաւ Լուիս Քոմփանիսի անուան Քաթալոնիոյ ողիմպիականի մարզադաշտը: Ասկէ բացի, ակումբին համակիրներուն կը սպասէ այլ փոփոխութիւն մըն ալ: Նշուեցաւ, որ Պարսելոնա մտադիր է նաեւ զգալիօրէն բարձրացնել տարեշրջանի բաժանորդագրութեան գիները: Ամէնէն աժան բաժանորդագրութիւնը 114 եւրոյէն պիտի...

«Փրեմիեր Լիկ».  Ախոյեանութեան Համար Մղուող Պայքարը Աւելի Սրեցաւ Մանչեսթըր Սիթի-Արսենալ Մրցումէն Ետք

«Փրեմիեր Լիկ». Ախոյեանութեան Համար Մղուող Պայքարը Աւելի Սրեցաւ Մանչեսթըր Սիթի-Արսենալ Մրցումէն Ետք

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 33-րդ հանգրուանին տեղի ունեցաւ տարեշրջանի ամէնէն կարեւոր մրցումներէն մէկը, որուն ընթացքին երկրին գործող ախոյեանը` Մանչեսթըր Սիթի հիւրընկալեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արսենալը: Լոնտոնեան կազմին կրած պարտութիւնը (4-1)` մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմէն` Սիթիէն, պատճառ դարձաւ, որ ախոյեանութեան համար մղուող պայքարը` անոնց երկուքին միջեւ, աւելի սուր բնոյթ ստանայ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մանչեսթըրեան...

Անգլիական  Ֆութպոլ.  Պըրնլի Ապահովեց Բարձրագոյն Դասակարգի Իր Տոմսը

Անգլիական Ֆութպոլ. Պըրնլի Ապահովեց Բարձրագոյն Դասակարգի Իր Տոմսը

Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 44-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պըրնլի, 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Պլեքպըրնի դաշտէն, ապահովեց բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր տոմսը: Ախոյեանութեան աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, ապահովելով տարեշրջանի իր 95-րդ կէտը, Պըրնլի այսպիսով անհասանելի դարձաւ իր անմիջական մրցակիցներուն: Այսպիսով, անիկա կը վերադառնայ բարձրագոյն դասակարգ, ուրկէ հեռացած էր 2021-2022 տարեշրջանին, երբ գրաւած էր դասաւորման...

Ալապա Բացակայ` Ռէալ Մատրիտի Կատարելիք Քանի Մը Մրցումներէն

Ալապա Բացակայ` Ռէալ Մատրիտի Կատարելիք Քանի Մը Մրցումներէն

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող յետսապահ Տաւիտ Ալապա իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել իր ակումբին կատարելիք յառաջիկայի քանի մը մրցումներուն, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Աւստրիացի ֆութպոլիստը վիրաւորուեցաւ լոնտոնեան Չելսիի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումին ընթացքին: Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ալապա ֆութպոլի դաշտերէն պիտի բացակայի նուազագոյնը երկու շաբաթ:

Փարետես Պիտի Վերադառնայ Փարիզ Սեն Ժերմեն

Փարետես Պիտի Վերադառնայ Փարիզ Սեն Ժերմեն

Արժանթինցի միջնապահ Լէանտրօ Փարետես Եուվենթուսէն պիտի վերադառնայ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: 28 տարեկան ֆութպոլիստը փարիզեան կազմէն փոխ տրուած էր Եուվենթուսին, որ ըստ երեւոյթին մտադիր չէ գնելու ֆութպոլիստին: Ընթացիկ տարեշրջանին ան Եուվենթուսի հետ ցարդ մասնակցած է 27 մրցումի եւ հանդիսացած էսիսթի մը հեղինակ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ-Լիտըրզ` 95-109

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Լիտըրզ` 95-109

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ֆայնըլ էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ երեքշաբթի, 25 ապրիլին հիւրընկալեց Լիտըրզը: Նախքան մրցումին մեկնարկը տրուիլը, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները պաստառ մը բռնած ոգեկոչեցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը: Մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ հիւր կազմը, որ արձանագրեց 109-95 արդիւնքով յաղթանակ մը (17-27, 22-35, 25-28 եւ 31-19):...

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Առաջին` Երկամարտի Մրցումներուն

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն. Հայաստան Առաջին` Երկամարտի Մրցումներուն

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի վերջին երկու մետալներուն տիրացան Վարազդատ Լալայեան եւ Սիմոն Մարտիրոսեան: Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած 109 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ, Հայաստանի երկու յառաջատար ծանրաբարձները` Լալայեան եւ Մարտիրոսեան, յաջորդաբար տիրացան արծաթ եւ պրոնզ մետալներուն, մինչ ախոյեան հանդիսացաւ վրացի Լաշա Թալախածէ: Երկամարտի մրցումներուն, Լալայեան արձանագրեց 462 քկ (212+250) արդիւնք...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Արթուր Ալեքսանեան`  Եւրոպայի Վեցակի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Արթուր Ալեքսանեան` Եւրոպայի Վեցակի Ախոյեան

Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ աւարտած Եւրոպայի ըմբշամարտի յունահռոմէական ոճի ախոյեանութեան վերջին օրը, ողիմպիական խաղերու ոսկիէ, արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի քառակի ախոյեան` Արթուր Ալեքսանեան 6-րդ անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան: 97 քկ դասակարգի աւարտականին Ալեքսանեան 5-1 արդիւնքով յաղթեց նախորդ տարի Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած, աշխարհի կրկնակի փոխախոյեան պուլկարացի Քիրիլ Միլովին: Նշենք, որ Ալեքսանեան նախորդ անգամ Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցած էր 2020-ին, երբ...

Սամպօ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Հայրենի Մարզիկները Տիրացան 19 Գունաւոր Մետալի

Սամպօ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայրենի Մարզիկները Տիրացան 19 Գունաւոր Մետալի

Եւրոպայի սամպոյի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Հայֆայի մէջ (Իսրայէլ), Հայաստան տիրանալով 19 գունաւոր մետալի (4 ոսկի, 4 արծաթ եւ 11 պրոնզ), գրաւեց ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը: Ախոյեանութեան վերջին օրը, մարտական սամպոյի 98 քկ դասակարգի մրցումներուն ախոյեան հռչակուեցաւ Արման Աւանեսեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մարզական սամպոյի աղջկանց 54 քկ դասակարգի մրցումներուն, Վարսիկ Գրիգորեան թէեւ հասաւ աւարտականին, սակայն...

Արման Ծառուկեան Կրնայ Մասնակցիլ «Եու. Էֆ. Սի.-288»-ին

Արման Ծառուկեան Կրնայ Մասնակցիլ «Եու. Էֆ. Սի.-288»-ին

Ռուսիան ներկայացնող հայ մարտիկ Արման Ծառուկեան շատ հաւանաբար մասնակցի «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.-288»-ի խառն մենամարտերու մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 6 մայիսին, Նիւ Ճըրզիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), այս մասին յայտնեց «Մեթարաթինկզ»-ը: Արման Ծառուկեանի եւ պրազիլցի Ռենաթօ Մոյքանոյի միջեւ նախատեսուած մենամարտը, որ տեղի պիտի ունենար 30 ապրիլին Լաս Վեկասի մէջ (Մ. Ն.), չեղեալ յայտարարուեցաւ, նկատի ունենալով, որ պրազիլցին վիրաւորուեցաւ: Նշենք, որ Ծառուկեան...

Page 301 of 1280 1 … 300 301 302 … 1,280

Արխիւներ