Ճատրակ. Ստեփան Աւագեանի Յուշամրցաշարք. Սամուէլ Սեւեան Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը
Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցող Ստեփան Աւագեանի ճատրակի յուշամրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, ամերիկահայ կրանտմասթըր Սամուէլ Սեւեան արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ պարտութեան մատնեց ռուս Անտրէյ Էսիփենքոն: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Սեւեան երկու կէտով միանձնեայ յառաջատարն է: Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ յաղթեց գերմանացի Ֆրետերիք Սվանին, այժմ 1,5 կէտով կը բաժնէ երկրորդ դիրքը հնդիկ Նարայանի հետ: Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, որ...




















