Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի հետ իր առաջին տարեշրջանը կատարող նորվեկիացի 22 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ պատմական մրցանիշի հեղինակ դարձաւ:
Ան «Փրեմիեր Լիկ»-ի տարեշրջանի մը ընթացքին ամէնէն շատ կոլ նշանակած ֆութպոլիստն է պատմութեան մէջ (ցարդ 35 կոլ):
Նշենք, որ ան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը, Ուեսթ Համի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (2-0):
Նախապէս 34-ական կոլ նշանակած էին (42 հանգրուանէ բաղկացած ախոյեանութեան ընթացքին) Էլըն Շիրըր (1994-1995) եւ Էնտի Քոլ (1993-1994):