Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Էլչէ, որ հիւրը եղաւ Ալմերիային, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Էլչէ, որ մնաց 20-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ, վերջնականապէս իր յոյսերը կորսնցուց Ա. դասակարգին մէջ մնալու առնչութեամբ:
Տարեշրջանի աւարտէն հինգ հանգրուան առաջ, Էլչէին կը պակսի 17 կէտ` 17-րդ դիրքին բարձրանալու համար:
«Լա Լիկա»-ին մէջ իր վերջին հինգ մրցումները կատարելէ ետք, Էլչէ այսպիսով 2023-2024 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Բ. դասակարգին մէջ:


