Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ինթեր Միլան այս ամրան ընթացքին կը մտադրէ ծախել իր 25 տարեկան արժանթինցի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինեզին:
Անոր ստորագրութիւնը տալու համար անիկա կը դիտարկէ 75 միլիոն եւրոյէն սկսող առաջարկներ:
Ներկայիս Ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ պատրաստ է վճարելու 70-80 միլիոն եւրօ:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իտալացի Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմին հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 47 մրցումի, նշանակած 21 կոլ եւ կատարած 7 էսիսթ:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը Ինթերի հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2026, մինչ «Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 80 միլիոն եւրոյով:


