Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի խումբերէն Նասըրին մաս կազմող փորթուգալցի 38 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նախորդ 12 ամիսներու հաշուարկով դարձաւ աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիկը, այս մասին յայտնեց «Ֆորպս»:
Անոր եկամուտը կազմեց 123,9 միլիոն եւրօ, որմէ 41,9 միլիոնը անոր ստացած աշխատավարձն է անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտէն եւ Նասըրէն, մինչ 81,9 միլիոնը` ծանուցումներէն եւ հովանաւոր ընկերութիւններէն:
Երկրորդ դիրք նահանջեց 35 տարեկան արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի (118,4 միլիոն եւրօ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց ֆրանսացի 24 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ (109 միլիոն եւրօ):


