Հայաստանի խումբին վերջին ներկայացուցիչը` Դաւիթ Սիմոնեան, տպաւորիչ յաղթանակով մը, ոսկի մետալի տիրացաւ Երեւանի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան:
86 քկ դասակարգի մրցումներու աւարտականին, Սիմոնեան, որ մրցեցաւ իտալացի Ճոնաթան Փիսանոյի դէմ, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Սիմոնեանէն առաջ, Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր դարձած էին Գոռ Ազիզեան եւ Աղուան Ալեքսանեան:
Իսկ Վազգէն Բադալեանի գլխաւորած հաւաքականէն պրոնզէ մետալակիր դարձած էին` Յովհաննէս Յարութիւնեան (48 քկ), արցախցի Էրիկ Առստամեան (54 քկ), Արթուր Մկրտչեան (63,5 քկ), Եուրա Բաբլումեան , Արման Միսկարեան (71քկ), Արման Պօղոսեան (75 քկ), Իշխան Յովսէփեան (92 քկ) եւ Ալպերթ Յարութիւնեան (92 քկ եւ վեր):