Ուզպեքիստանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ, Եւրոպայի փոխախոյեան Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ 86 քկ դասակարգի մրցումներուն տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Զեք Եանի (Իսրայէլ) դէմ:
1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի մարզիկին մրցակիցը պիտի ըլլայ թուրք Հաքան Քոչ:
60 քկ դասակարգի մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Արթուր Ղազարեան:
Սակայն Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Համբարձում Յակոբեան (80 քկ), չկրցաւ ապահովել յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Կռփամարտի այս ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի 14 մայիսին:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը այս ախոյեանութեան կը մասնակցի Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ: