Անգլիական մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ սպանացի յառաջապահ Տիեկօ Քոսթա այս տարեշրջանի աւարտին կրնայ մնալ առանց ակումբի:
Նշուեցաւ, որ անոր ակումբը` անգլիական Վուլվզը, մտադիր չէ երկարաձգել անոր պայմանագրութիւնը:
34 տարեկան ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի յառաջիկայ ամսուան վերջը:
Նշենք, որ ան նախորդ տարի Աթլեթիքօ Մինէյրոյէն (Պրազիլ) միացաւ անգլիական ակումբին: