Աշխարհի եւ Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդներու ախոյեան Էրիկ Իսրայէլեան, պայմանագրութիւն մը ստորագրեց արհեստավարժ կռփամարտի «Այ օֆ տը Թայկըր Մենըճմընթ» ընկերութեան հետ եւ պիտի տեղափոխուի Քանատա:
Ան այս ամիս պիտի մեկնի Մոնրէալ (Քանատա), իսկ արհեստավարժ ռինկի վրայ կռփամարտիկին նորամուտը կը սպասուի 1 յունիսին:
Նշենք, որ Իսրայէլ վերջերս յայտարարած էր, որ կը հրաժարի ներկայացնել Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը:


