Մարզական

«Ազգերու Լիկա»-ի  Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը  Մաս Կազմեց Դ. Խմբակին

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Մաս Կազմեց Դ. Խմբակին

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազգերու Լիկա»-ի աղջկանց ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքականը, որ ելոյթ կ՛ունենայ Գ. դասակարգին մէջ, Դ. խմբակին մէջ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ղազախստանը, Էսթոնիան եւ Իսրայէլը:  

Հայաստանի 7 Ակումբ  «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Արտօնագիր Ստացաւ

Հայաստանի 7 Ակումբ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Արտօնագիր Ստացաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 7 ակումբ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի արտօնագիր ստացաւ: Այդ եօթը ակումբներն են` Ալաշկերտ, Արարատ, Արարատ-Արմենիա, Ուրարտու, Փիւնիկ-Երեւան, Նոա Եւ Շիրակ: Մարզական համապատասխան որակաւորում ստանալու պարագային, այդ արտօնագիրները անոնց իրաւունք կու տան մասնակցելու «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի 2023-2024 տարեշրջանի մրցաշարքերուն: Նշենք, որ որեւէ ակումբ առաջարկ չէր ներկայացուցած մասնակցելու «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Յաղթեց, Ռէալ Մատրիտ  Պարտուեցաւ

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթեց, Ռէալ Մատրիտ Պարտուեցաւ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա ամրապնդեց իր դիրքը, 1-0 արդիւնքով քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելով Օսասունայի դէմ: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց սպանացի յետսապահ Եորտի Ալպա, 85-րդ վայրկեանին, իսկ 27-րդ վայրկեանին հիւր կազմին մէկ մարզիկը կարմիր քարտ մը ստացաւ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա, որ ունեցաւ 82 կէտ, այժմ...

Մեսսիի Դէմ Կրնայ Պատժական  Տնօրինում Սահմանուիլ

Մեսսիի Դէմ Կրնայ Պատժական Տնօրինում Սահմանուիլ

Ֆրանսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն կրնայ պատժել արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին, որ առանց իր ակումբի ղեկավարութեան արտօնութեան ընտանիքով մեկնած էր Սէուտական Արաբիա: Ան Լորիանէն իր կազմին կրած պարտութենէն (3-1) քանի մը ժամ ետք, ուղղակիօրէն մեկնած էր Սէուտական Արաբիա, ինչ որ բնականաբար ակումբին պատասխանատուներուն մօտ յառաջացուցած էր մեծ զայրոյթ մը: Նշուեցաւ, որ ակումբին նախագահը` Նասեր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ Մրցումով  Աւարտեցան Ֆայնըլ Էյթի Մրցումները

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ Մրցումով Աւարտեցան Ֆայնըլ Էյթի Մրցումները

Երկուշաբթի, 1 մայիսին իրենց աւարտին հասան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի ֆայնըլ էյթի մրցումները, երբ տեղի ունեցաւ յայտագիրին վրայ գտնուող Ռիատի Պէյրութ-Տինամօ վերջին մրցումը, առաջինին դաշտին` Մանարայի մէջ: Անիկա վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 108-73 արդիւնքով (25-15, 27-28, 35-15 եւ 21-15): Ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած յայտագիրը, ինչ կը վերաբերի ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն, կը սկսի ուրբաթ, 5 մայիսին, Սաժես...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»  6-7 Մայիսին` Լիբանանի  38-րդ Գարնանային Ռելին

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» 6-7 Մայիսին` Լիբանանի 38-րդ Գարնանային Ռելին

Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 6-7 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 38-րդ գարնանային ռելին: Կազմակերպիչ ակումբը յայտարարեց, որ վաղը` հինգշաբթի, 4 մայիսին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ այս ռելիին մասնակցող վարորդներուն ամբողջական անուանացանկը: Ռելիին մեկնարկը պիտի տրուի Քասլիքի մէջ գտնուող կազմակերպիչ ակումբին կեդրոնատեղիէն` յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, ցուցադրական Ա. հանգրուանով: Իսկ կիրակի, 7 մայիսին կ՛ակնկալուի,...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական  Ախոյեանութիւն.  Պրոնզէ Տասը Մետալ  Եւ Աւարտականի Երեք Մասնակից

Կռփամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Պրոնզէ Տասը Մետալ Եւ Աւարտականի Երեք Մասնակից

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականի տասը ներկայացուցիչները տիրացան պրոնզ մետալի: Արձանագրուած այս արդիւնքներէն բացի, Հայաստանի երեք կռփամարտիկներ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը, ուր այսօր` չորեքշաբթի, 3 մայիսին, կը պայքարին տիրանալու համար ոսկի մետալի: Հայաստանի համար պրոնզ մետալներ ապահովեցին Յովհաննէս Յարութիւնեան (48 քկ), Դաւիթ Սաֆարեան (51...

Մարմնամարզութիւն.  Արթուր Դաւթեան` Աշխարհի  Եռակի Բաժակակիր

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան` Աշխարհի Եռակի Բաժակակիր

Աշխարհի ախոյեան, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Արթուր Դաւթեան, նախորդ շաբաթավերջին Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի Դ. հանգրուանի մրցաշարքի յենացատկի մրցումներուն, ապահովելով 15.166 կէտ, տիրացաւ ոսկի մետալին: Այսպիսով, 30 տարեկան Դաւթեան, մասնակցելով աշխարհի բաժակի չորս մրցաշարքերէն երեքին, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով յաջողեցաւ տիրանալ բացարձակ յաղթողի կոչումին:

16 Եւ 17 Յունիսին`  Հայաստան-Ֆրանսա Պասքեթպոլի  Բարեկամական Մրցումներ

16 Եւ 17 Յունիսին` Հայաստան-Ֆրանսա Պասքեթպոլի Բարեկամական Մրցումներ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 16 եւ 17 յունիսին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբերը, բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարեն իրարու դէմ` Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ): Ֆրանսա Եւրոպայի գործող փոխախոյեանն է, իսկ Հայաստան` ՖԻՊԱ-ի Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան տիտղոսակիրը: Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան, անդրադառնալով այս երկու մրցումներուն, յայտնեց, որ Հայաստանի համար մեծ պատիւ...

Ճատրակ.  Չինացի Տինկ Լիրեն` Աշխարհի  17-րդ Ախոյեան

Ճատրակ. Չինացի Տինկ Լիրեն` Աշխարհի 17-րդ Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին, չինացի կրանտմասթըր Տինկ Լիրեն, հանդիսացաւ աշխարհի 17-րդ ախոյեան, երբ ճատրակի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին, թայ պրէյքով 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց ռուս Եան Նեփոմնիաչիին: Տիտղոսին տիրանալէ բացի, ան ստացաւ նաեւ 1,1 միլիոն եւրօ պարգեւավճար, մինչ փոխախոյեանը ստացաւ 900 հազար եւրօ: Նշենք, որ նախքան թայ պրէյքի այս մրցումը տեղի ունենալը, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան դասական ճատրակի աւարտականի 14-րդ...

Ռենաթօ Սանչեզ` Դէպի Լիվըրփո՞ւլ

Ռենաթօ Սանչեզ` Դէպի Լիվըրփո՞ւլ

Անգլիական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Լիվըրփուլի գերմանացի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ, 2023-2024 տարեշրջանին իր կազմին մէջ կ՛ուզէ տեսնել Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող փորթուգալցի միջնապահ Ռենաթօ Սանչեզը: 25 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 2022-ին ֆրանսական այլ ակումբէ մը` Լիլէն տեղափոխուեցաւ մայրաքաղաքի կազմ, ցարդ իր ակումբին հետ կատարած է 18 մրցում եւ նշանակած 2 կոլ: Անոր փոխանցման արժէքը ներկայիս կը գնահատուի 30 միլիոն...

Ռոնալտօ Կ՛ուզէ Հեռանալ  Սէուտական Արաբիայէն

Ռոնալտօ Կ՛ուզէ Հեռանալ Սէուտական Արաբիայէն

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Նասըր ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կ՛ուզէ հեռանալ Սէուտական Արաբիայէն: Կը նշուի, որ ֆութպոլիստը դժուարութիւններ ունի համարկուելու Սէուտական Արաբիոյ մշակոյթին հետ, ինչպէս նաեւ լեզուական արգելքը կը դժուարացնէ անոր հոն մնալը: Ան ամէն գնով կը փափաքի վերադառնալ Ռէալ Մատրիտ, որուն մաս կազմած է 9 տարի: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, արքայական ակումբին նախագահը` Ֆլորենթինօ Փերես,...

«Փրեմիեր Լիկ».  Մանչեսթըր Սիթի Յաղթեց  Եւ Շրջանցեց Արսենալը

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի Յաղթեց Եւ Շրջանցեց Արսենալը

Նախորդ շաբաթավերջին, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Մանչեսթըր Սիթի, որ հիւրը եղաւ Ֆուլհեմին, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մանչեսթըրեան կազմին կոլերը նշանակեցին Էրլինկ Հաալանտ (3-րդ` փենալթիով) եւ Խուլիան Ալվարես (3-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Սիթի շրջանցեց Արսենալին եւ անկէ խլեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` անոր վրայ ունենալով կէտի մը առաւելութիւնը: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն  Պարտուեցաւ Փարիզի Մէջ

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Պարտուեցաւ Փարիզի Մէջ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ «Փարք տը Փրենս»-ի մէջ հիւրընկալեց Լորիանը, անկէ կրեց 3-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը: Հիւրընկալ կազմէն Աշրաֆ Հաքիմիի` 20-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ ստանալը, բնականաբար իր վատ անդրադարձը ունեցաւ մայրաքաղաքի կազմին կրած այս պարտութեան մէջ: Հիւր կազմը իր կոլերը նշանակեց 15-րդ, 39-րդ եւ 88-րդ վայրկեաններուն, մինչ Փարիզ Սեն...

Հաքիմի Շատ Հաւանաբար  Տեղափոխուի Անգլիա

Հաքիմի Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի Անգլիա

Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, շատ հաւանական է, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Մարոքի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յետսապահ Աշրաֆ Հաքիմի տեղափոխուի Անգլիա եւ միանայ Մանչեսթըր Եունայթըտին: Ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է նաեւ այլ ակումբ մը` լոնտոնեան Չելսին: Կը նշուի, որ մանչեսթըրեան ակումբը հաւանաբար Հաքիմիի համար վճարէ 60 միլիոն եւրօ, որ կը պահանջուի ֆրանսական ակումբին կողմէ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ 2022-2023 Տարեշրջանը Աւարտեց 7-րդ Դիրքին Վրայ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ 2022-2023 Տարեշրջանը Աւարտեց 7-րդ Դիրքին Վրայ

Նախանցեալ օր Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմին համար, երբ խումբը կատարեց ֆայնըլ էյթի իր վերջին մրցումը` Ռիատի Պէյրութի դէմ: Մանարայի դաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը վերջ գտաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով 111-96 արդիւնքով (27-14, 25-16, 28-37 եւ 31-29): Յաղթական կազմէն 61 կէտ նշանակեց (ներառեալ 9 թրի փոյնթ) Պիլալ Թապպարա, մինչ Միկել Մարթինեզ...

Մարմնամարզութիւն. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք.  Արթուր Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Մարմնամարզութիւն. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Արթուր Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի  4-րդ հանգրուանի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Աւետիսեան օղակներու մրցումներուն տիրացաւ պրոնզ մետալին, մինչ Արթուր Դաւթեան գրաւեց 7-րդ դիրքը: Աւետիսեան ապահովեց 14.666 կէտ, մինչ Դաւթեան` 14.166 կէտ: Նշենք, որ Աւետիսեանէն առաջ Գագիկ Խաչիկեան նժոյգի մրցումներուն տիրացած էր արծաթ մետալին, մինչ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Յարութիւն Մերդինեան պրոնզ մետալին: Աշխարհի բաժակի...

Ըմբշամարտ.  Միջազգային Ֆետերասիոնը Չեղեալ Նկատեց Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքերը

Ըմբշամարտ. Միջազգային Ֆետերասիոնը Չեղեալ Նկատեց Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքերը

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ չեղեալ նկատեց 2023-ի տղոց եւ աղջկանց աշխարհի բաժակի մրցաշարքերը: Տղոց ազատ եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենար 24-25 նոյեմբերին, Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ, իսկ աղջկանց մրցաշարքը 9-10 դեկտեմբերին` Իովա նահանգին մէջ (Միացեալ Նահանգներ): Նշուեցաւ, որ մրցաշարքերուն ջնջումը կապուած է նախաողիմպիական տարուան ծանրաբեռնուածութեան հետ:  

Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Ֆիորենթինա 9 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտական Հանգրուան

Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ֆիորենթինա 9 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտական Հանգրուան

9 տարուան սպասումէ մը ետք, Ֆիորենթինա յաջողեցաւ ապահովել Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին իր տոմսը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով Քրեմոնեզէն: Անոնց միջեւ տեղի ունեցած դարձի մրցումը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը, մինչ երթին Ֆիորենթինա մրցակիցի դաշտին վրայ արձանագրած էր 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ֆիորենթինա, որ 9 տարի առաջ աւարտականին 3-1 արդիւնքով պարտուած էր Նափոլիէն, այժմ իր դէմ պիտի...

Տորթմունտ-Ռէօս Պայմանագիրի Երկարաձգում

Տորթմունտ-Ռէօս Պայմանագիրի Երկարաձգում

Գերմանացի միջնապահ Մարքօ Ռէօս նախորդ շաբաթավերջին համաձայն գտնուեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին` Պորուսիա Տորթմունտի հետ: Այսպիսով, 33 տարեկան ֆութպոլիստը իր ակումբին շապիկը պիտի կրէ մինչեւ 2024, այս մասին յայտնեց տորթմունտեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մարքօ Ռէօս, որ 2012-2013 տարեշրջանէն ի վեր մաս կը կազմէ Տորթմունտին, յոյս յատնեց, որ ամէն գնով յաւելեալ յաջողութիւններու հասնի իր կազմին հետ:

Page 300 of 1280 1 … 299 300 301 … 1,280

Արխիւներ