Գերմանական մարզական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ այս ամրան ընթացքին պիտի ծախէ իր 31 տարեկան սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէն:
Պայէրնի ղեկավարութիւնը դժգոհ է ֆութպոլիստէն, որ չյաջողեցաւ համալրուիլ նոր խումբին հետ:
Ասկէ բացի, գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Թոմաս Թուխել եւս տպաւորուած չէ Մանէի խաղարկութեամբ եւ դէմ չէ զայն ծախելու գաղափարին:
Մանէ, որ նախորդ ամառ Լիվըրփուլէն միացաւ Պայէրնի, այս տարեշրջանին 35 մրցումի ընթացքին նշանակեց 12 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ:
«Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 45 միլիոն եւրոյով: