Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցող Ստեփան Աւագեանի ճատրակի յուշամրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, ամերիկահայ կրանտմասթըր Սամուէլ Սեւեան արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ պարտութեան մատնեց ռուս Անտրէյ Էսիփենքոն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Սեւեան երկու կէտով միանձնեայ յառաջատարն է:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ յաղթեց գերմանացի Ֆրետերիք Սվանին, այժմ 1,5 կէտով կը բաժնէ երկրորդ դիրքը հնդիկ Նարայանի հետ:
Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, որ հաւասարութիւն մը արձանագրեց, այժմ ունի կէտ մը:
Իսկ Արթուր Դաւթեան ապահովեց մրցաշարքի իր առաջին կէս կէտը, իր արձանագրած հաւասարութենէն ետք: