Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, Հայաստանի տղոց հաւաքականի 13 մարզիկներէն 12-ը, տիրանալով մէկ ոսկի, 2 արծաթ եւ 9 պրոնզ մետալի, գրաւեցին ընդհանուր դասաւորման երրորդ դիրքը, Ռուսիոյ (առաջին) եւ Ռումանիոյ (երկրորդ) ետին:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վազգէն Բադալեանի գնահատականով, արձանագրուած այս արդիւնքները, որոնք նկատուեցան հիանալի, եղան պատմական Հայաստանի համար եւ անոնք կը նկատուին փայլուն արդիւնքներ մեր պատմութեան մէջ:
Ան ըսաւ, որ միայն աւարտական հանգրուանին արձանագրուած արդիւնքներէն դժգոհ մնաց, այլապէս Հայաստան պիտի ունենար աւելի շատ ախոյեաններ:


